Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՆԱԱՆԻ . «ԻՐԱՆ Կ՞ԱՋԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԴԷՄ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ»

September 10, 2024
in Միջազգային
0
ՔԱՆԱԱՆԻ . «ԻՐԱՆ Կ՞ԱՋԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԴԷՄ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ»

Իրան պիտի շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու եւ կապուղիներու ապաշրջափակման, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման, սակայն դէմ է միջազգային սահմաններու փոփոխութեան:

Հերթական ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Իրանի Ատաքին գորերու նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին:

Քանաանի նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու օգտին:

«Իրանը կ’աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, եւ մենք կ’ողջունենք տարածաշրջանի երկիրներու ինքնիշխանութեան շրջանակին մէջ կապուղիներու արգելափակման վերացումը։ Այս շրջանակը կրնայ օգնել ամրապնդել խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Մենք նաեւ յստակօրէն դէմ կ’արտայայտուինք միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան, որ կը հակասէ երկիրներու քաղաքական անկախութեան»,- յաւելած է ան:

Այլ գետնի վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշման առնչութեամբ։

«Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը խաղաղութեան, բարեկամութեան ու խաղաղ համակեցութեան սահման է: Հայաստանը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն, եւ որեւէ ուժ չի կրնար խզել Իրանի եւ Հայաստանի տարածքային կապը»,- ըսած է ան:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը, ընդգծած է, որ Հայաստանի տարածքին որեւէ ապաշրջափակում պիտի ըլլայ Հայաստանի ներքին հիմնարկներուն եւ անոր ազգային ու տարածքային ինքնիշխանութեան վերահսկողութեամբ:

Share62Tweet39
Previous Post

«ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ, ՈՐ Կ’ԵՆԹԱԴՐԷ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԱՅԼ ԿՈՂՄԻ՝ ՉԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՐ» ԸՍԱՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Next Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՑ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՑ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՄԻԱՒՈՐՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒ» ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Next Post
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՑ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՑ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՄԻԱՒՈՐՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒ» ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՑ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՑ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՄԻԱՒՈՐՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒ» ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.