Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

September 10, 2024
in Միջազգային
0
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

 

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնը յայտարարեց, թէ չորս մարդ վիրաւորուած է հարաւային Հապիպ բնակավայրի ռմբակոծումէն: Իսրայէլեան օդուժը թիրախներ հարուածեց նաեւ Քֆարքիլա եւ Թիպէ գիւղերուն մէջ: Հըզպալլա, իր կարգին, հաղորդագրութիւններով յայտարարեց, թէ անօդաչու սարքերով յարձակում գործած է Աքքայի մօտակայ զօրամասի վրայ, պատճառելով ծանր վնասներ: Իսկ «Ժամաա իսլամիէ» կուսակցութեան զինեալ թեւ Ֆաժրի ուժերը յայտարարեցին իսրայէլեան Պէյթ Հիլալի դիրքը ռմբակոծելու մասին:

Իսրայէլեան ապահովական սեղմ կառավարութեան նախկին անդամներէն Պենի Կանց շեշտեց, որ պահը հասած է դարմանելու հիւսիսային ճակատին վրայ յառաջացած իրավիճակը եւ դիմակայելու Իրանը: Կանցի համաձայն, կառավարութիւնը ուշացած է զբաղելու լիբանանեան ճակատով եւ սխալ գործած է շատ բնակիչներ հեռացնելով շրջանի բնակավայրերէն: Իսկ իսրայէլեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Հըրցի Հալեւի անդրադարձաւ Նահարիա քաղաքին մէջ բնակելի շէնքի մը թիրախաւորումին, զայն համարելով Հըզպալլայի կողմէ վտանգաւոր քայլ: «Բանակը ունի հիւսիսի մէջ շարժելու պատրաստ ծրագրեր», ըսաւ Հալեւի: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախապէս յայտնած էր, թէ կառավարութիւնը կանաչ լոյս տուած է իսրայէլեան բանակի ծրագրերուն:

Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նաիմ Քասէմ շեշտեց, որ իսրայէլացիները պիտի չկարենան վերադառնալ Լիբանանի հետ սահմանային իրենց բնակավայրերը եթէ չդադրի Կազայի դէմ յարձակումը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ԿԱՆԽԵԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ»

Next Post

ՇԱՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՇԱՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.