Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ԿԱՆԽԵԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ»

September 10, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԻՔԱԹԻ. «ԿԱՆԽԵԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ»

 

 

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց աւելի գործնական եւ վճռորոշ քայլերու ձեռնարկել՝ վերջ տալու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն դէմ իսրայէլեան ամէնօրեայ յարձակումներուն: «Ապահովութեան խորհուրդը պէտք անյապաղ շարժի՝ պաշտպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայողները, որոնք առաւելագոյն ջանք կը թափեն՝ թեթեւցնելու քաղաքացիներուն տառապանքը», յայտնեց Միքաթի վարչապետարանէն, ուր տեսակցեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ներկայութեամբ լիբանանցի նախարարներու: Ան խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան թշնամական արարքները եւ զանոնք համարեց միջազգային օրինականութեան բացայայտ խախտում եւ լիբանանցիներու անվտանգութեան սպառնալիք: Միքաթի դեսպաններուն միջոցաւ անոնց պետութիւներուն շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգումը վաւերացնելու համար եւ պահանջեց պատժել անոնք, որոնք պատասխանատու են քաղաքացիներու թիրախաւորումին: «Լիբանան յանձնառու կը մնայ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ժողովուրդի պաշտպանութեան», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակտարը, կարեւորելով միջազգային համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն:

Իսկ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ դեսպաններուն հետ հանդիպումէն ետք  յիշեցուց, թէ շտապ օգնութեան խմբակներուն եւ լրագրողներուն թիրախաւորումը կը համարուի ժընեւեան ուխտի բացայայտ խախտում: Պու Հապիպի համաձայն, անհրաժեշտ է այսուհետեւ վերջ տալ մագլցումէ խուսափելու կոչերուն եւ պահանջել ամբողջական զինադադար: «Այդ առնչութեամբ որեւէ համաձայնութիւն պիտի ըլլայ նոր առաջարկ մը եւ Լիբանանի պետութիւնը ունի զայն ընդունելու կամ մերժելու իրաւասութիւնը, ոչ թէ Հըզպալլան», շեշտեց Պու Հապիպ:

Share62Tweet39
Previous Post

 ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Next Post
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.