Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ «BBC»-Ի, «EURONEWS»-Ի ԵՒ «FORBES»-Ի ԷՋԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

September 7, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ «BBC»-Ի, «EURONEWS»-Ի ԵՒ «FORBES»-Ի ԷՋԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

 

Զբօսաշրջութեան կոմիտէի միջազգային նոր համագործակցութիւններու շնորհիւ Հայաստանը այս տարի յայտնուած է «BBC»-ի, «Euronews»-ի եւ «Forbes»-ի էջերուն վրայ: Հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու մեծ լսարանին ներկայացուած է Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:

Այս մասին ընդգծեց Զբօսաշրջութեան կոմիտէի մարքեթինկի եւ խթանման վարչութեան ղեկավար Անուշիկ Սահակեանը՝ նշելով, որ նման համագործակցութիւններու լաւագոյն հարթակը ճանաչողական այցերն են, որոնք ալ հնարաւորութիւն կու տան յայտնուելու արտասահմանեան տարբեր պարբերականներու էջերուն եւ պլոկներուն մէջ:

«Ճանաչողական այցերու շրջանակին մէջ թիրախային երկիրներէ կ’ընտրուին լրատուական ներկայացուցիչներ, պլոկըրներ, որոնք մենք կը հրաւիրենք Հայաստան՝ միջինը 4-5 օրով՝ յատուկ ծրագրով, որուն ընթացքին իրենց կը ծանօթացնենք մեր երկրին հետ: Յետոյ անոնք յօդուածներու եւ նիւթերու տեսքով հրապարակումներ կ’ընեն լրատուական հարթակներու եւ ընկերային ցանցերու վրայ, եւ այն հարթակներուն վրայ, ուր անոնք կ’աշխատին:

Նման այցեր այս տարի արդէն իրականացուած են, որուն շնորհիւ յայտնուած ենք «Forbes»-ի էջերուն վրայ, որ շատ մեծ քայլ էր մեզի համար: Շուտով պատրաստ պիտի ըլլայ «BBC»-ի նկարահանած տեսահոլովակը, որ վերջնական հաստատման փուլին է: Այն պիտի ցուցադրուի իրենց ալիքներով եւ պիտի տրամադրուի նաեւ մեզի, որպէսզի մենք նոյնպէս զայն տարածենք: «Euronews»-ի հետ համագործակցութիւնը յօդուածներու տեսքով է՝ երկու յօդուածէն առաջինը տպագրուած է, երկրորդին դեռ կը սպասենք»,- նշեց Անուշիկ Սահակեանը:

Ան ընդգծեց, որ նման յօդուածները Հայաստանի համար շատ կարեւոր են, քանի որ ասոնք հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ են եւ ունին շատ մեծ լսարան:

Share62Tweet39
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ՝  5 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ

Next Post

44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

Next Post
44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.