Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՆ. «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ԵՐԱԶԸ ԵՐԲԵՐՔ ՊԻՏԻ ՉԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ»

September 7, 2024
in Միջազգային
0
ԻՐԱՆ. «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ԵՐԱԶԸ ԵՐԲԵՐՔ ՊԻՏԻ ՉԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ»

 

 

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի վստահեցուց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող երազներն ու երազանքները երբեք պիտի չիրականանան: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին դեսպանը նշեց, որ Թեհրան դէմ չէ հաղորդակցութիւններու տարածաշրջանային ապաշրջափակումին, սակայն կը պահանջէ, որ բոլոր գործողութիւնները ըլլան ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ:

Սոպհանի նաեւ յայտնեց, որ տարածաշրջանային համագործակցութեան «3+3» հարթակի յաջորդ հանդիպումին օրը արդէն որոշուած է: Ան շեշտեց, թէ յստակ թուական որոշուած է եւ այդ մասին պիտի յայտարարուի դիւանագիտական խողովակներով: Նախապէս հաղորդուած էր, որ նշեալ տեսակցութիւնը պիտի կայանայ Թուրքիոյ մէջ, արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով: Խորհրդակցական այս հարթակին առաջին նիստը գումարուած էր 2021-ի Դեկտեմբերին՝ մասնակցութեամբ հայ, ռուս, թուրք, իրանցի եւ ատրպէյճանցի նախարարներուն, իսկ երկրորդը Թեհրանի մէջ կայացած էր 2023-ի Հոկտեմբերին: Որպէս առաջին մեկնաբանութիւն, Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան մերժեց որեւէ տեղեկութիւն փոխանցել նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեան մասին եւ բաւարարուեցաւ նշելով, որ նախարարին բոլոր հանդիպումներուն մասին կը յայտարարուի պատշաճ ժամանակին:

Յիշեցնենք, որ նշեալ հարթակին մաս կը կազմեն Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան, սակայն Վրաստանը առաջին իսկ օրէն կը մերժէ մասնակցիլ նիստերուն:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱՐԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ՝  5 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ

Next Post
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ՝  5 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ՝  5 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.