Լիբանանեան առօրեան այս օրերուն կեդրոնացած է Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ձերբակալութեան եւ անոր դատական հետապնդումի նիւթերուն վրայ, մէկդի ձգելով մնացեալ քաղաքական ու ապահովական բոլոր նիւթերը: Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի թղթածրարը դրուած է օրինական ճշգրիտ հունի վրայ, իսկ Երկուշաբթի օր ան պիտի փոխանցուի դատախազ Պիլալ Հալաուիին: «Պետութիւնը պատասխանատու է ելեւմտական կայունութեան եւ հանրային գումարներու պահպանումին, իսկ աւագ քննիչին պարտականութիւնն է հետեւիլ նման թղթածրարներու եւ հարտաքննել կասկածելիները, որպէսզի յաղթանակէ արդարադատութիւնը», շեշտեց Խուրի:
Իսկ Սալամէի թղթածրարով որոշ ժամանակ հետեւած դատախազ Ղատա Աուն զարմանք յայտնեց դատական անակնկալ աշխուժութեան եւ Սալամէի ձերբակալութեան առնչութեամբ, յիշեցնելով որ ինք քանի մը անգամ պահանջած էր նախկին կառավարիչը բերել իր գրասենեակ, սակայն ապարդիւն: «Այս հարցով արդէն որոշ հետաքննութիւն կատարած եմ, ուստի կը զգուշացնեմ, որ ոեւէ անձ իրաւունք չունի որեւէ թղթածրար խլելու ինձմէ՝ այլ դատախազի փոխանցելու պատրուակով», ըսաւ Աուն եւ յայտնեց, որ Սալամէն հետաքննութեան կը կանչէ 11 Սեպտեմբերին եւ կ’ակնկալէ, որ ան այս անգամ բերուի իր գրասենեակը, որովհետեւ արդէն իսկ ձերբակալուած է: «Այլապէս, եթէ Սալամէն այս անգամ եւս բացակայի, ապա առաջին հետթին պատասխանատու պիտի համարեմ ընդհանուր դատախազը» սպառնաց Ղատա Աուն:
Սալամէ, իր կարգին, յանձնառութիւն յայտնեց դատական հոլովոյթին վերաբերող օրէնքներուն, կոչ ուղղելով յարգելու հետաքննութեան գաղնապահութեան վերաբերող յօդուածը: «Նշեալ օրէնքը մինչեւ մէկ տարի բանտարկութեամբ եւ մեծ տուգանքով կը պատժէ բոլոր անոնք, որոնք հետաքննութեան մասին տեղեկութիւններ կը հրապարակեն», յայտարարեց Սալամէի գրասենեակը, յիշեցնելով որ կասկածելին միշտ անմեղ է, մինչեւ որ հակառակը ապացուցուի: