եկուր պատռեմ անունդ
վանկերուդ ողը մէկիկ մէկիկ
կտրատեմ
ո՞վ ըսաւ ինծի՝
ուտելովս պատառները
գիրերուդ
կը մարսուիս վերջապէս
ներս ղրկեմ քեզ
յատակս
քեզ ժողվռտեմ չըսուած միւս
ձայներուն հետ
ու թանձրացեալ
անհետանաս չհասկցուող լեզուի
պէս
բանամ փոսս
ուր անկողինդ եմ փռած
հոն՝ իմ բարձիս փաթթուած
պիտի ննջես առանձինն
մտածել իսկ չկրնաս
քանի ես վեր եմ անկէ
վեր եմ ինձմէ ու քեզմէ
հանդիպումէ որբացեալ
հանդիսաւոր սէրերդ չկաներու
ծածկոյթ են
ծածուկ սէրդ կը կարծես որ չի
դիմանար աշխարհին
ո՞վ կրնայ ուժ ձեւացնել
կեանքէն պահ մ’արժեցնելու
դուն եւ ես պիտի յիշենք
այսօր վաղը դեռ օրեր
թէ չկրցանք մեր միսերուն տաքութեամբը հաց եփել
խօսիլն այլեւս շատ կու գայ
անունիդ գիրերը կ’ուտեմ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Ալֆորվիլ-Ֆրանսա