Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՍԻ ՀԵՏ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

September 6, 2024
in Միջազգային
0
ՀԱՄԱՍԻ ՀԵՏ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

 

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ​​ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլինսքին հաստատեց, որ Իսրայէլ Համասի հետ գերիներու փոխանակման բանակցութիւնները եւ հրադադարը կ’օգտագործէ իբրեւ ծխածածկոյթ Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմը քօղարկելու համար:            Ան մատնանշեց, որ  ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Մերձաւոր Արեւելքի օրակարգին հարցով բոլորին համար յստակ է, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան գործողութեան իւրաքանչիւր նոր օրուան հետ գերիներու ողջ մնալու հնարաւորութիւնները աւելի կը նուազին:            Փոլինսքի նկատեց, որ Անվտանգութեան խորհուրդը միասնական է ու գիտակից, որ իսրայէլացի եւ օտարերկրեայ  ողջ մնացած գերիները ռազմական ճանապարհով ազատ արձակելը գրեթէ անկարելի է, եւ բանակցութիւններէն զատ այլընտրանք չկայ: Իսրայէլի կառավարութիւնը լաւատեղեակ է այս մասին, ընդգծելով, որ բանակցութիւնները պարզապէս ծխածածկոյթ են միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը շեղելու համար Պաղեստինի հիմնախնդիրի հիմնարար լուծումէն:             Փոլինսքին ըսաւ, որ ասիկա կը ստիպէ Անվտանգութեան խորհուրդի գրեթէ բոլոր անդամները գործել ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն եւ կը ստիպէ երկիրները գործադրել Խորհուրդին որոշումները: «Մեզի միայն քաղաքական կամք եւ միասնութիւն պէտք է այս հարցին մէջ: Ցաւ ի սիրտ, մեր ամերիկացի գործընկերները, որոնք կը շարունակեն քօղարկել Իսրայէլի գործողութիւնները, անոնց զէնք կը մատակարարեն: Այսպիսով անոնք  կը խրախուսեն Իսրայէլը շարունակել իր ռազմական գործողութիւնը Կազայի մէջ», ըսաւ ան:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ

Next Post

ՀՌՈՄԻ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ՝ ՃԱՔԱՐԹԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ՀՌՈՄԻ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ՝ ՃԱՔԱՐԹԱՅԻ ՄԷՋ

ՀՌՈՄԻ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ՝ ՃԱՔԱՐԹԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.