Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց տղամարդ մը, երբ երկրին հիւսիսը 19-րդ դարու եկեղեցւոյ մէջ բռնկած է մեծ հրդեհ, որուն հետեւանքով զանգակատունը քանդուած է:
Երկուշաբթի վաղ առաւօտեան երկրի հիւսիսային Սեն Օմեր քաղաքի Անարատ յղութեան պատմական եկեղեցւոյ մէջ զանգուածային հրդեհ բռնկած է: Տուժածներ չկան, սակայն եկեղեցւոյ աշտարակը փլուզուած է։
Հրշէջները յաջողած են հակակշռի տակ պահել կրակը, իսկ հրդեհի վայրին մօտակայքը ապրող մօտ 50 բնակիչներ տարհանուած են՝ որպէս նախազգուշական միջոց: