Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԿԲՄ-Ի ԿՐԹԱՆՊԱՍՏՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ

September 4, 2024
in Գաղութային
0
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԿԲՄ-Ի ԿՐԹԱՆՊԱՍՏՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ

Կիրակի, 18 Օգոստոս 2024-ին, տեղի ունեցաւ Հայ կրթական բարեսիրական միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթաթոշակային յանձնախումբի կազմակերպած նախաճաշ-ընդունելութիւնը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան 2024-2025 ուսումնական տարուան կրթանպաստ ստացողներուն անունները:

Այս տարուան մրցանակները շնորհուած են Միացեալ Նահագներու տարբեր կողմերէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն 14 համալսրանական ուսանողներու:

Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿԲՄ-ի Փասատենայի կենդրոնէն ներս:

Օրիորդ Ալին Կոզեան՝  միջոցառման հանդիսավար եւ ՀԿԲՄ-ի 2021-ի կրթանպաստին արժանացած, վարեց հանդիսութիւնը՝ կիսուելով իր անձնական ճանապարհորդութեան եւ կրթաթոշակի նշանակալի ազդեցութեան մասին. «Այս կրթաթոշակը կը տրամադրուի ոչ միայն որպէս պարզ  ֆինանսական աջակցութիւն, այլեւ  վաւերացման եւ խրախուսման զգացում կ’առաջացնէ: Այն կը յիշեցնէ, որ իմ քրտնաջան աշխատանքն ու հաստատակամութիւնը ճանչցուեցան եւ գնահատուեցան: Վստահութեան այս բարձրացումը մեզ կը մղէ առաջ՝ օգնելով մեզ գերազանցել ուսումնական եւ անձնական կեանքին մէջ»:

Իր բացման խօսքէն յետոյ Ալին ներկայացուց ՀԿԲՄ-ի առաքելութեան եւ կրթաթոշակային հիմնադրամի յատուկ նպատակներու համառօտ պատմութիւնը:

Ապա բեմ բարձրացան Յանձնախումբի ղեկավարներէն Տիար Թադէոս Քորօղլեանը ու Ժիրայր Կիրակոսեանը՝ ներկայացնելու այս տարուան մրցանակները:

Այս տարուան մրցանակակիրներն էին.

Միացեալ Նահանգներէն.

– ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ Գալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարնի առաջին տարուան ուսանող՝ Վոն Աբաքեան,

– UCLA համալսարանի երկրորդ տարուան ուսանող՝ Լիլի Յակոբեան,

– Մասաչուսէթսի Լոուելի համալսարանի առաջին տարուան ուսանող՝ Անի Ֆիշեր,

– Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի առաջին տարուան ուսանող  Օսան Չարըքեան,

– Ֆերահեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ Սթենֆորտի համալսարան առաջին տարուան ուսանող՝ Թալին Նահապետեան,

– Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ UCLA համալսարանի առաջին տարուան ուսանող՝  Սանտրա Փափազեան,

– UCLA-ի առաջին տարուան ուսանող՝ Ալիք Թուֆենքճեան:

 

Հայաստանէն.

Սուրիկ Ղազարեան, Արամայիս Մկրտչեան, Դաւիթ Պետրոսեան եւ Հայկ Սոլկարեան:

 

Լիբանանէն.

Սէրլի Պետիկեան, Կէրի Կուլեան եւ Սեւակ Իզմիրլեան:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՃԱՇԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.