«Պայէրն Միւնիխ»ի յարձակող Հերի Քէյն տիրացաւ «Ոսկէ խաղակօշիկ» մրցանակին:
Քէյնը 36 կոլով (72 միաւոր) ամենաարդիւնաւվտ ֆութպոլիստն էր եւրոպական ախոյեանութիւններուն: 31-ամեայ ֆութպոլիստին նուաճումը 3-րդն է գերմանական տուեալ ակումբին: Նախապէս Կերտ Միւլլըր եւ Ռոպըրթ Լեւանտովսքի արժանացած են նման պատիւի:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարեշրջանին «Մանչեսթըր Սիթի»ի յառաջապահ Ըրլինկ Հալընտ նոյն տիտղոսը նուաճած էր 27 կոլ արձանգրելով:
ԻՐԼԱՆՏԱՑԻ ԷՏԻ ՏԱՆՊԱՐ ՍՊԱՆԻՈՅ ՇՐՋԱՎԱԶՔԻ 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՅԱՂԹՈՂ
Անցեալ տարի Իտալիոյ շրջավազքի 7-րդ դիրքը գրաւած իլանտացի հեծելանւորդին առաջին յաղթանակն էր այս մրցավազքի: Ան 166,5 քիլոմեթր երկարութիւնը հատեց 3 ժամ 44 վրկ. 52 երկվ. ժամանակով: Երկրորդ հանդիսացաւ պելճիքացի Քուինթըն Հերմանսը, իսկ երրորդ դիրքին արժանացաւ Բրիտանիոյ հեծելանւորդ՝ Մաքս Փուլը:
11 հանգրուան ետք ընդհանուր դասաւորման տեսքը այսպիսին՝
1) Պէն Օքոննըր 43 ժամ 54 վրկ. 54 վրկ
2) Փրիմոզ Ռաքլիչ 3 վրկ. 16 երկվ. ուշ
3) Էնրիք Մաս 3 վրկ. 58 երկվ. ուշ
4) Ռիթըրտ Քարապազ 4 վրկ. 10 երկվ. ուշ
5) Միկէլ Լանթա 4 վրկ. 40 երկվ. ուշ
6) Քարլոս Ռոտրիկէս 5 վրկ. 23 երկվ. ուշ
7) Ֆլորիան Լիփովից 5 վրկ. 29 երկվ. ուշ
8) Ատամ Եէյթս 5 վրկ. 46 երկվ. Ուշ
3) ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ
Այսօր «Իւնիըն Պերլին» ընդդէմ «Սէն Փօլի» մրցումով կը սկսի Գերմանիոյ ֆութպոլի 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանը: Յաջորդաբար մինչեւ Կիրակի տեղի կ’ունենան ստորեւ տրուած մրցումները.
Ուրբաթ, 30 Օգոստոս
Իւնիըն Պերլին x Սէն Փօլի
Շաբաթ, 31 Օգոստոս
Վերտեր Պրեմըն x Տորթմունտ
Հոլշթէյն x Ուոլսպըրկ
Շթութկարտ x Մանզ
Այնթրախտ Ֆրանքֆըրտ x Հոֆընհայմ
Պոխում x Միւնշէնկլատպախ
Պայերն Լիվըրքուզէն x Լայփցիկ
Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր
Հայտէնհայմ x Օկըսպըրկ
Պայերն Միւնիխ x Ֆրէյպըրկ
80 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԲԵՐԴԱՊԱՀԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ «ՊԸՐՆՄԱՈՒԹ»
Ֆութպոլի պատմութեան ամենաարժէքաւոր դարպասապահ՝ սպանացի Քեփա Արիզապալակա լոնտոնեան «Չելսի» խումբէն տեղափոխուեցաւ «Պըրնմաութ»:
29-ամեայ բերդապահը նոր ակումբին հետ կնքած է միայն մէկ տարուան պայմանագիր եւ այն ալ վարձակալական հիմունքներով (loan)։
Անցեալ տարի նոյնպէս Քեփան «վարձուած» էր, այս անգամ սպանական «Ռէալ Մատրիտ»էն:
Քեփան մինչեւ օրս կը համարուի որպէս աշխարհի ամենասուղ բերդապահը: 2018-ին «Չելսի»ն անոր որպէս փոխարժէք «Աթլեթիքօ Պիլպաու»ին վճառած էր 80 միլիոն եւրօ:
ՆՈՎԱՔ ՃՈՔՈՎԻՉ ԹԵՆԻՍԻ ՄՐՑԱՆՇԱԿԻՐ
ԱՄՆ-ի բաց ախոյեանութեան մրցաշարքին, Սերպիոյ ներկայացուցիչ 37-ամեայ Նովաք Ճոքովիչ 2-0 արդիւնքով (6:4, 6:4) իր հայրենակից Լասլօ Ճէրէին յաղթելէ ետք անցած է երրորդ հանգրուան:
Ճոքովիչ դարձած է աշխարհի այն միայկ «թենիսմէնը», որ յաջողած է 90 յաղթանակներ նուաճել «Մեծ սաղաւարտի» բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին։
Երրորդ հանգրուանին Նովաք իր ուժերը պիտի չափէ աւստրալիացի մարզիկ Ալեքսէյ Փոփիրինի հետ։ «US Open 2024»-ը սկսաւ 26 Օգոստոսին եւ պիտի աւարտի 8 Սեպտեմբերին։