Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին զգալի մասը բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնեցուած է։
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին։
Պայրամով յաւելած է, որ ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին ներկայացուցած է խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը եւ 5 հիմնական սկզբունքներ։
Այդուհանդերձ, Պայրամովը հերթական անգամ կեղծ պնդում կատարած է Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ առկայ դրոյթներու վերաբերեալ՝ նշելով, թէ իբր Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ կան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ։
Պայրամով իր բողոքը արտայայտած է նաեւ այն առնչութեամբ, թէ Հայաստանը սպառազինութիւն ձեռք կը բերէ տարբեր երկիրներէ՝ չնայած այն հանգամանքին, որ նոյն ինքն Ատրպէյճանը նոյնիսկ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ անընդհատ սպառազինութիւն կը գնէ տարբեր երկիրներէ։
Հայկական կողմը բազմիցս արձագանգած է ատրպէյճանական կողմէ հնչող պահանջներուն՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ սպառազինութեան ձեռքբերումները դադրեցնելու վերաբերեալ, շեշտելով որ Սահմանադրութիւնը փոխելու հարցը երկրի ներքին գործն է, իսկ սպառազինուիլը որեւէ երկրի իրաւունքն է, եւ Հայաստանը սպառազինութիւն ձեռք կը բերէ բացառապէս պաշտպանուելու նպատակով ու ոեւէ մէկուն վրայ յարձակելու նպատակ չունի։ Հայաստանի տարբեր պաշտօնեաներ բազմիցս յայտնած են, որ Հայաստանը որեւէ երկրի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի։
Պայրամով յայտնած է նաեւ, որ Թուրքիան կ’աջակցի Ատրպէյճանին Ղարաբաղի վերականգնման գործընթացին մէջ. «Տարածաշրջանին մէջ ատրպէյճանական ընկերութիւններուն մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն թրքական ընկերութիւնները… Կ’ակնկալուի, որ մինչեւ այս տարուան վերջ աւելի քան 20 հազար նախկին ներքին տեղահանուածներ պիտի վերադառնան «իրենց» հողերը: Իսկ 2026 թուականի վերջը աւելի քան 140 հազար քաղաքացիներ պիտի վերադառնան Ղարաբաղ վերաբնակեցման առաջին փուլի շրջանակներուն մէջ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ Պայրամովի հետ հանդիպումէն յետոյ ընդգծած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ քննարկած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ յաւելելով, որ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պիտի շարունակեն համատեղ քայլեր ձեռնարկել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար։