Կազայի մէջ գործող Համասի կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած է 172 լրագրող: Նորագոյն զոհը եղած է Մոհամմատ Ապտ ալ-Ֆաթթահ Ապտ Ռապպօն:
Իսրայէլեան բանակը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ Կազայի կեդրոնական հատուածին մէջ շարունակուող մարտերուն ընթացքին կորսնցուցած է սպայ մը: Իսկ Կազայի հարաւային շրջաններուն մէջ եւս մահացած է զինուոր մը: