ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ միաձայնութեամբ որոշեց տարի մը եւս երկարաձգել Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ ծառայող միջազգային խաղաղապահ ուժերուն՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութիւնը, առանց փոփոխութեան ենթարկելու անոր աշխատանքը կազմակերպող եւ կարգաւորող յօդուածները: Նշենք, թէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը առաջին անգամ հարաւային Լիբանան ժամանեցին 1978-ին՝ ժամանակաւոր ծառայութեան դրութեամբ: Սակայն, ի տես տարածաշրջանային հակամարտութեան, խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը կը բոլորէ իր 46-րդ տարին եւ ամէն տարի կ’երկարաձգուի: