Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐԸ՝ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՃԻ ՄՈՒՏՔ

August 28, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

 

Լիբանանի մէջ թափանցիկութեան եւրոպական դիտարանը ահազանգեց, թէ լիբանանեան շուկաներուն մէջ սակագիներու ուռճացումը կը շարունակուի, թէեւ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը տարի մը շարունակ անփոփոխ կը մնայ 90 հազար լիրայի շուրջ: Ըստ դիտարանին, Լիբանան կը տատանի ամբողջական անկումէն խուսափելու եւ ամբողջական վերականգնումի անկարողութեան միջեւ, մինչ պետութիւնը, Կեդրոնական դրամատունն ու վաճառական դրամատուները կը շարունակեն փոխանակել ամբաստանութիւններ՝ անփոփոխ պահելով ներկայի ձգտուած վիճակը: «Տնտեսութեան անիւը վերստին շարժելու գլխաւոր միջոցը կը կայանայ արմատական բարեկարգումներու իրականացումին եւ վնասներուն ծաւալը արժեւորելու մէջ», յայտարարեց Թափանցիկութեան եւրոպական դիտարանը:

Իսկ ելեւմտական վարկանշային Standard and Poor’s գործակալութիւնը կանխատեսեց, որ լիբանանեան լիրային սուր արժեզրկումը շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն: Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի համեմատական կայունութեան հանդերձ, ի տես Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական բազում մարտահրաւէրներուն եւ լուծումներու բացակայութեան, գործակալութիւնը եզրակացուց, որ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 2025-ին կրնայ հասնիլ 115 հազարի, ապա 2026-ին բարձրանայ 136-ի, ի վերջոյ 2027-ին հասնելով 152 հազար լիրայի:

Share61Tweet38
Previous Post

ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ – ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ            

Next Post

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Next Post
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.