Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար 5

August 27, 2024
in Յօդուածներ
0

 

 ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՊԷ՞ՏՔ Է ՄՏՆԷ, ԹԷ՞ ՈՉ …… Ե՞ՐԲ

Բարունակ. Բարեւ, Սամուէլ, ինչպէ՞ս ես:
Սամուէլ. Լաւ եմ , Բարունակ, դուն ինչպէ՞ս ես:
Բարունակ. Սամօ, Հայաստանը Եւրոպական միութիւն պէ՞տք է մտնէ, թէ՞ ոչ:

Սամուէլ. Սիրելի Բարօ, այս պարզ հարցումը շատ խորունկ վերլուծութեան կարիք ունի, ասոր բուն մասնագէտները ես եւ դուն չենք, այս հարցումիդ պատասխանը պէտք է ռազմավարագէտները, քաղաքականագէտները եւ պատմաբանները տան: Բայց քանի որ մենք ալ տրամաբանութիւն ունինք, կրնանք միասին մտային մարզանքներ ընել մեր ազգի ճագատագրին շուրջ:
Նախ նշենք, որ Եւրոպական միութիւն (ԵՄ) մտնելէն առաջ պէտք է դէպի Եւրոպա կողմնորոշուիլ: Իսկ կողմնորոշումը քաղաքական որոշում է, պայմանաւորուած է տուեալ պահի թելադրանքներէն եւ հրամայականներէն, այսինքն կրնայ մարտավարական դիրքորոշում մը ըլլալ: Իսկ անդամ դառնալը  լուրջ ռազմավարական որոշում մըն է, որ երկար ժամանակի վրայ կը տարածուի: Սկզբունք ընդունինք, որ Հայաստանի ռազմավարութիւնը պէտք է բղխի մեր ազգի երկարաժամկէտ շահերէն, այսինքն մեր ժողովուրդը դէպի յաւերժութիւն տանող պայմաններէն:

Եւրոպական միութեան անդամ դառնալը պէտք չէ հակասէ մեր ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ պէտք չէ վտանգէ մեր ազգային դիմագիծը: Ճիշդ է, որ մենք ժամանակակից Եւրոպայի արժեհամակարգին հետ շատ ընդհանրութիւններ ունինք, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւնը, արդարադատութիւնը, փտածութեան դէմ պայքար, մարդու իրաւունքներ եւ այլն, սակայն հարցեր կրնան ըլլալ ,որ չհամապատասխանեն մեր ազգային նկարագրին եւ բարոյական արժէքներուն:

Սիրելի Բարունակ, մենք ընկերվար ժողովրդավար ենք, հաւատացինք ժողովուրդներու հաւասարութեան, խաղաղ համակեցութեան եւ իրենց պատմական հողին վրայ անվտանգ ապրելու իրաւունքին: Բայց ինչո՞ւ կը կրկնեմ Հայրենիքի ազգային դիմագիծին կարեւորութիւնը, քանի որ հայերս ճակատագրի բերումով հայրենաբնակ ժողովուրդէն աւելի մեծ սփիւռք ունինք, եւ այդ հայրենիքը պէտք է ըլլայ սփիւռքը ոգեւորողը, ազգային արժէքներու ժառանգորդն ու պահապանը, սփիւռքը պէտք է Հայրենիքով ոգեշնչուի, դէպի Հայրենիք ձգտումով ապրի եւ գործէ:

Իսկ եթէ ԵՄ-ի մեր անդամակցութիւնը պիտի վնասէ այս բոլորին, ապա ես վերապահ եմ այս հարցով. մանաւանդ ներկայ իշխանութեան դէպի Սփիւռք ուղղուած քաղաքականութեան լոյսին տակ, որուն մասին հնչակեան գործիչներ տարբեր առիթներով խօսած են հանրութեան եւ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն: Մէկ նախադասութեամբ կրկնեմ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան երկկողմանի «ինստիտուցիոնալ», այսինքն Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացնող կառոյցը պէտք է յարաբերի Սփիւռքը  ներկայացնող կառոյցներու եւ անհատներու հետ:
Վէրջապէս անոնց որոնք խանդավառուած են Եւրոպական միութեան անդամակցութեամբ, եւ այդ անդամութիւնը կը տեսնեն «Շէնկէն վիզայի» կնիքին մէջ, կ’ըսեմ՝ հարցը շատ աւելի խորունկ է, հազարաւոր ներքին եւ տարածաշրջանային քաղաքական, իրաւական եւ տնտեսական ծալքեր ունի, երկար ուսումնասիրութեան եւ գործընթացներու նիւթ է:

Նշմարեց՝

Սամուէլ Ղազարեան

 

Share61Tweet38
Previous Post

Հ.Մ.Մ.-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ 1944-Ի ԿԱԶՄԸ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ՄԵՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ

Next Post
ՄԵՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ

ՄԵՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.