Արցախի մշակութային ժառանգութեան դիտարկում կատարող Monumentwatch.org կայքը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի մէջ վերջին օրերուն տարածած են հաղորդագրութիւն մը՝ Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յայտնի յուշարձանին մասին, նշելով որ ան կառուցուած է 1967 թուականին եւ կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի «կրօնական հանդուրժողականութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկը»: Իսկ Ստեփանակերտը լուսաբանող Քամրան Ռազմովար եզրակացուց, որ յուշարձանը ատրպէյճանական է, որովհետեւ ան կառուցուած է խորհրդարային օրերուն, երբ Արցախ մաս կը կազմէր Խորհրդային Ատրպէյճանին, ուստի անոր համար տրամադրուած է ատրպէյճանական գումար: