Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ»

August 27, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ»

 

 

ԵՈՒՆՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբերի տեղակալը յայտնեց, որ «Լիբանանի հարաւային շրջաններուն բնակիչները հանգստացան Իսրայէլի դէմ Հըզպալլայի հակադարձութենէն ետք եւ այսօր հանդարտութիւնը վերադարձաւ մարդոց առօրեային, իսկ հարաւի վիճակը նուազ լարուած էր, բաղդատած նախորդ փուլին հետ», ըսաւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի բանբերը: Անոր համաձայն, խաղաղապահ ուժերը մտահոգ էին, որ Հըզպալլայի հակադարձութիւնը դուռ բանար աւելի ընդարձակ հակամարտութեան, ուստի հաղորդակցած էր բոլոր կողմերուն հետ եւ պահանջած՝ հանդարտութեան վերականգնում:

Հըզպալլայի զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին կուսակցութեան հակադարձութենէն օր մը ետք, Լիբանանի հարաւային շրջանին իրավիճակը վերադարձաւ անցնող աւելի քան 10 ամիսներու իր վիճակին՝ փոխադարձ հրթիռարձակումներու հաւասարակշռութիւն մը, որ կը կեդրոնանայ Հըզպալլայի դիրքերուն եւ իսրայէլեան սահմանամերձ զօրամասերուն վրայ: Այսուհանդերձ, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ վերստին հասան Պէյրութ, Մեթն եւ Քսըրուէն, ուր խզեցին ձայնի պատը: Իսկ իսրայէլեան անօդաչու սարքերուն հերթական թիրախը Լիբանանի մէջ Համասի պատասխանատուներէն մէկն էր, որուն ինքնաշարժը երէկ Սայտայի մէջ ենթարկուեցաւ հրթիռային հարուածի, սակայն թիրախաւորուած անձը յաջողեցաւ դուրս գալ ինքնաշարժէն եւ ծանր վէրքերով փրկուիլ մահափորձէն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Next Post

  ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Next Post

  ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.