Վահան Տէրեանի (Վահան Տէր Գրիգորեան, 1885-1920թթ.) մասին պատմող նիւթերը շատ են. Տէրեանը իբրեւ բանաստեղծ, հրապարակախօս, քաղաքական, պետական գործիչ: Անոր մասին գրած են շատերը: Տէրեանի անձնական կեանքը, մահուան հանգամանքները ներկայացուած են հնարաւոր մանրամասնութեամբ:
Սակայն կան մարդիկ, որոնց յուշերը առանձնայատուկ են: Եւ այդ մարդոցմէ մէկն ալ Տէրեանի հարազատ եղբայրներէն մեկն է՝ Արամ Տէր Գիգորեանը: Տէրեանի մասին յուշեր ունին նաեւ եղբայրներէն՝ Ներսէսը եւ Ղազարոսը:
Արամի յիշողութիւնները տպագրուած են Վահան Տէրեանի մահէն հինգ տարի անց, 1925 թուականին, «Նորք» հանդէսին մէջ (N 5-6):
«Իրերու դասաւորումով՝ ես անբաժան եղած եմ Վահանէն անոր ամբողջ մանկութեան ընթացքին, հետեւապէս այս աշխատութեանս մէջ բերուած նկարագիրը ականատեսի վկայութիւններ են»,- իր պատմութիւնը այսպէս կը սկսի Արամ Տէր Գրիգորեանը:
Վահանը ընտանիքին 11-րդ երեխան էր:
«Մենք չորս քոյր ու չորս եղբայր էինք, երեք քոյր եւ մէկ եղբայր ալ մեռած էին, ուրեմն՝ մայրս ընդամէնը ունեցած է տասներկու զաւակ: Մեռնող քոյրերու եւ եղբօրս մահուան պատճառը եղած են տարափոխիկ կամ պատահական հիւանդութիւնները: Կենդանի քոյրերէս Աշխէնը եւ Թագուհին ամուսնացած էին մեր գիւղին մէջ, երբ մնացած վեց եղբայր-քոյրերս սկսանք իրար գիտակցիլ հայրական յարկի տակ: Ըստ հասակի՝ մեր կարգը հետեւեալն է՝ Ղազարոս, Նախշուն, Արամ, Ներսէս, Վահան եւ Հեղինէ»:
«Վահանը, որուն հայրս «գայլ Վահան» կ’անուանէր, յաճախ պատմելով մեզ Գայլ Վահանի պատմութիւնը, մանկութեան հասակին ոչ միայն ոչինչով առքի կ’իյնար, այլ ընդհակառակը, սովորական երեխաներէն աւելի աննկատելի էր տան մէջ: Հաստ, լիքը, գորշ դէմքով, կարմրաթուշ, կլոր երեխայ էր: Այդ հասակէն կը տեսնեինք զայն մէկ անկիւնը, գետինը նստած կամ պառկած՝ եղունգները կը կրծէ – սովորութիւն մը, որ ունեցած է նաեւ հայրս եւ որ ունինք կամ ունեցած ենք բոլոր եղբայրներս: Յաճախ ան անտարբեր ու թմրած դրութեան մէջ կը մնար առանց պահանջներու, առանց լացի, որուն պատճառով «անուշ» երեխայի, «գառի» անունը վաստակեց շրջապատէն: Մանկութեան հասակին արդէն սկսաւ անոր մէջ նկատուիլ նաեւ բնաւորութեան բռնկումներ: Ամենաթեթեւ նկատողութիւնը ծնողներուս կողմէ անոր մէջ ծանր վիրաւորանքի զգացում յառաջ կը բերէր, թուշերը կ’ուռէին, աչքերէն արտասուքը կաթիլ-կաթիլ կը գլորուէր եւ դժուարութեամբ զսպուած հեկեկանքը սրտի խորքէն դուրս կը պայթէր: Այդպիսի դէպքերուն ամէն մէկ փաղաքշանք ու գուրգուրանք զայն աւելի ու աւելի կը գրգռէին, որուն պատճառով ընտանիքին մէջ սովորութիւն դարձած էր նման պարագաներու հանգիստ թողել զայն: Երեխայ ժամանակէն շատ կը սիրէր կարմի շորը, եւ մինչեւ 7- 8 տարեկան հասակը անոր շորերը կարմիր կտորէ կը կարէին: Կարգապահութիւն եւ մաքրասիրութիւն չունէր. անոր շորերը միշտ պատռուած էին ու ծածկուած ապուրի, իւղի ու կերակուրներու մնացորդներով. որքան յաճախ կը լուացուէր անոր շորերը, այնուամենայնիւ, կուրծքը եւ թեւերը կեղտէն շարունակ կը փայլէին: Սովորութիւն ունէր փայտի կտորներ կամ դգալներ վերցնել եւ կախելով շորերուն արանքը՝ օղակներուն կամ պատռուածքներուն մէջ՝ պտտցնել. այդ սովորութիւնը ան չթողեց մինչեւ մեծնալը՝ չնայելով ծնողներուս եւ շրջապատին բարկութեան ու արգելքներուն: Այդ «պտտցնելու» եւ անմաքրասիրութեան պատճառով մայրս անոր անունը «ջաղցըպան» (ջաղացպան) դրած էր, որպիսի անունը մնաց անոր վրայ հասակը առնելէ յետոյ ալ: Սովորաբար համբերատար եւ բարեհամբոյր՝ բարկութեան վայրկեաններուն ան ինքզինք բոլորովին կը կորսնցնէր: Եթէ բարկութեան պատճառը մենք ըլլայինք, ան կը խլէր առաջին պատահած իրը՝ ըլլար սա քար, փայտ, դատարկ կամ կերակուրով, ջուրով լի աման՝ կը շպրտէր մեր վրայ, իսկ եթէ փախուստի դիմէինք՝ կը վազէր մեր ետեւէն, մինչեւ որ կերպով մը վրէժը հանէր. կը պատահէր ալ, որ մեր ետեւէն չէր հասներ, այդպիսի պարագաներուն, ուժասպառ եղած, կ’իյնար որեւէ պատի տակ կամ անկիւն եւ կատաղօրէն կը սկսէր կրծոտել եղունգները: Այդ սովորութենէն անոր մատները միշտ արիւնլուիկ էին, մատերուն ծայրի մորթը՝ պոկոտած, եղունգներ գրեթէ չէին մնացած: Մատներու «քցիմ» (այս հիւանդութեան միջոցին եղունգներու արմատին մօտ մորթը կը ճաքճքէր եւ կտոր-կտոր կ’իյնար- խմբ.) հիւանդութիւնը, որ առաջ եկած էր եղունգներ կրծելէ, մնաց անոր վրայ հասակ առած ժամանակ ալ:
Երեխայական «չարութիւններ» չունէր, բայց երբ այդպիսիք կը պատահէին, կ’ըլլային անզուսպ եւ միշտ կը վերջանային որեւէ նիւթական վնասով կամ մարմնական վէրքով: Այդպիսի պարագաներուն ան ինքզինք խիստ մեղաւոր կը զգար եւ համբերութեամբ կը դիմանար մօրս կշտամբանքիններուն ու ծաղրին: Մեր ընդհանուր չարութիւններուն ժամանակ Վահանը շատ յաճախ կը տուժէր անարդարացի կերպով՝ իբրեւ մեր մէջ պաշտպանուելու եւ արդարանալու ամէնէն քիչ ընդունակը: Այդպիսի պարագաներուն զգալով իր անմեղութիւնը՝ ան կը լռէր կամ կը ծիծաղէր:
Վահանը իր մանկութիւնը անցուց նախանձելի պայմաններու մէջ: Ծնողներուս գուրգուրանքը, շրջապատին սէրը, նիւթական լիութիւնն ու առատութիւնը՝ այս բոլորը Վահանի մանկութեան բաժին ինկան: Ընտանեկան այդ խաղաղ մթնոլորտը թէեւ կը կոկէր անոր բնաւորութիւնը, բայց չէր կրնար վերացնել այն անհարթութիւնները, որ բնածին էին: Սովորաբար՝ մեղմ ու խաղաղ, հեզ, անխօս, հպատակող ու լսող, ծիծաղկոտ այս մանուկը ստէպ դուրս կու գար այդ բնական դրութենէն եւ անճանաչելի կը դառնար. կարծէք ինչ-որ կապուած հանգոյց կը պայթէր անոր մէջ, եւ այնուհետեւ ան կը դառնար անզսպելի, անդիմադրելի ու անմատչելի համոզումներու եւ խրատներու: Ընդհակառակը՝ հանգստացնելու բոլոր փորձերը աւելի ու աւելի կը գրգռէին զայն, եւ այդ պոռթկումի դէմ միակ միջոցն էր զայն անուշադիր թողելը: Այս պարագային ան կ’իյնար վարանումներու մէջ, կը մեղմանար, կը մոռնար պոռթկումին պատճառը եւ կը դառնար նախկին հեզ, հլու եւ ծպտուն մանուկը: Վահանի փոթորիկներու պարագային հայրս գրեթէ միշտ անոր կողմը կ’ըլլար, բայց միաժամանակ կ’աշխատէր անոր հանգստացնել.
– Ծօ մի, ծօ ղոպպօ (աժդահա, մեծ կոպիտ), ի՞նչ կ’ենես, խելառ խօ չես, – այս ձեւով կ’աշխատէր հայրս մեղմել Վահանի կիրքը եւ, միաժամանակ, մեզ կը կշտամբէր.
– Լաւ կ’ենէ, ինչո՞ւ մանչուս կը հերսոտեցնէք:
Մայրս այդպիսի պարագաներուն գուրգուրանքով ու քնքույշ փաղաքշանքներով կը հարթէր դրութիւնը, բայց կը պատահէր ալ, որ անոր մէջ կը խօսէր անմար հիւմորը: Քանի մը հանաքներ, սրամիտ ու րոպէին յարմար բնորոշումներ, որոնց դիմաց Վահանը կը մնար երկմիտ ու տատանման մէջ՝ չիմանալով ՝ շարունակէ՞ աշխոյժ գործողութիւնները, թէ՞ տրուի ընդհանուր ծիծաղի հոսանքին՝ համեմուած քիլարէն (մառանէն) դուրս բերած միրգերով, մեղրով, գաթայով կամ սերով, կը լուծէին խնդիրները, եւ մեր խումբը ուրախ հանաքներով կը վայելէր պատերազմական աւարը: Այդպիսի պարագաներուն Վահանը հանաքներու եւ ծիծաղի մէջ առաջին տեղը կը բռնէր: Անյիշաչար, ընդհանուրին սիրելիի գիտակցութեամբ՝ ան դարձեալ կը դառնար հեզ ու ենթարկուող Վահանը կամ, ինչպէս կ’ըսէինք, Վանիկը:
Առհասարակ, գրեթէ անկարելի էր նախատեսել, թէ այս կամ այն դէպքը, վարմունքը, խօսքը ինչպէս կ’ազդէ, ինչ ազդեցութիւն յառաջ կը բերէ Վահանին մէջ՝ լա՞ց, թէ՞ ծիծաղ, ամենաթեթեւ պատահականութիւնը լացը կրնար դարձնել ծիծաղի եւ ընդհակառակը: Վանիկի բարկութեան ամէնէն յաճախ կ’ենթարկուէր Նաշօն (Նախշունը), որուն պատճառը, ինչպէս ըսի, այն էր, որ Վահանը անոր սանիկն էր, անոր խնամածը մանկութեան հասակին եւ, բնականաբար, անկէ երես առած էր: Նախշունի ոտքին արիւնը, դէմքի կապոյտ սպին կամ ուռոյցը Վահանի խառնուածքի կենդանի արձանագրութիւններն էին:
Վահանի անբաժան խաղընկերներն էինք Ներսէսը եւ ես: Ես՝ որպէս մեծը, առաջնորդի դերը կը կատարէի, կու տայի ընդհանուր հրահանգներ, Ներսէսը հաւանութիւն կամ անհամաձայնութիւն կը յայտնէր, իսկ Վահանը միշտ կրաւորական էր, ան կը կատարէր մեր կարգադրութիւնները: Գիւղի երեխաներուն համար խաղը առհասարակ, արգիլուած պտուղ է, որովհետեւ 5-6 տարեկան հասակէն անոնք ունին իրենց համապատասխան աշխատանքը, որ պարտադիր կերպով պէտք է կատարէին: Սակայն հայրս մեզի կատարեալ ազատութիւն տուած էր խաղերու մէջ՝ որոշ սահմանափակումով երկրագործական աշխատանքներու շրջանին… Մեր խաղերուն հայրս կը նայոէր՝ որպէս անհրաժեշտ պարապմունքի եւ լռելեայն կամ մեզի համար անզգալի կերպով կը խրախուսէր մեր խաղերը որոշ ուղղութեամբ: Մայրս խաղերը կը համարէր մեր աղմուկէպպ ազատուելու միջոց միայն:
… Վահանը՝ որպէս ֆիզիքապէս ամէնէն տկարը եւ ցրուած բնաւորութիւն ունեցողը՝ ամէնէն շատ ալ վնաս տուողն էր. ինչ գործիք որ իյնար անոր ձեռքը եւ հեռու մնար առանձին հսկողութենէ՝ կա՛մ կը կորսնցնէր, կա՛մ կը կոտրէր, եւ, որ յաճախ կը պատահէր, այնպիսի տեղ կը պահէր, որ ինքն ալ կը մոռնար, եւ ամիսներ յետոյ միայն պատահաբար կը գտնէինք: Բացի անկէ, ան առանձին ընդունակութիւն ունէր գործիքներով ինքն իրեն վնասելու: Երբեք մէկ օր անգամ չէ եղած, որ անոր մատները կտրած, ծունկը ջարդած կամ ծակած եւ ոտքի մատները ջախջախուած չըլլային: Եթէ ստացած վէրքը մեծ ըլլար, ան կը սպասէր մինչեւ արտաքին նշաններու թուլնալը՝ կտրած տեղերէն արիւնահոսութիւնը կանգնեցնելու համար հող կ’ածէր վէրքին վրայ կամ ճղուածքի մէջ սարդի ոստայն կը կախէր կամ կը լուար եւ հագուստը պատռելով՝ կը կապէր: Կը պատահէր ալ, որ վէրքը ծանր կ’ըլլար եւ ցաւը՝ այնքան խիստ, որ կը մոռնար վախը եւ լացով տուն կը վազէր:
– Լաւ եղած է,-լացակումած կը դիմաւորէր զինք մայրս եւ ինքն իրեն կորսնցուցած՝ միջոցներու կը դիմէր՝ Վահանին ցաւերը թեթեւցնելու:
Այսպէս, Վահանը իր ամբողջ մանկութեան ընթացքին պատերազմէն նոր վերադարձածի տեսք ունէր՝ արիւնլուիկ ու ջարդուած մատներով, կտրտուած կամ ջախջախուած ոտքերով, ցեխոտ, փոշոտ կամ դարմանոտ, ապուրէն, իւղէն կամ մածունէն փայլող պատառոտուած շորերով – այդպէս էր այդ թխադէմ, թաց աչքերով, սուր հայեացքով, հեզահամբոյր ու ծիծաղկոտ մանկան սիրելի դէմքը: Մեր եւ առանձնապէս մօրս յաճախակի հանաքներու առարկան էին անոր դուրս կախուած ականջները:
– Ծօ, Վանօ (տան մէջ Վահանին կը կանչէինք «Վանիկ» կամ «Վանօ»), առ այս մեխը, անկճվիդ մխէ, վար կ’ըյնին (առ այս մեխը, ականջներուդ մեխիր, վար կ’իյնան):
– Հա, գիտեմ, որ ամէն բան քեզնեն ‘կելլէ (ամէն բան քեզնմէ կը ծագի),- կէս լացակումած, կէս ծիծաղով կը պատասխանէր Վահանը՝ գիտակցելով, որ ամէնքս ծաղրելը մօրս անկապտելի իրաւունքն է եւ անկէ վիրաւորուիլը ընդունուած չէր:
… Որպէս կրօնական մարդ՝ հայրս ամենայն խստութեամբ կը պահէր պահքերը, եւ ոչ ոք անոր յարկին տակ չէր կրնար միտքէն անգամ անցընել ուտելը: … Ուստի, մեր ուտելիքը պահքի օրերուն կ’ըլլար չափազանց համեստ՝ ձիթով փլաւ, կորկոտ կամ մախոխ ապուր, ղմի, քեխ եւ հաց (ղմին եւ քեխը կանաչիներ են, որոնք կը գործածուին խաշելէ յետոյ- խմբ.):
Շաբաթ օրերուն վերջը մեզի համար ցնորքի առարկայ էր, որովհետեւ աշխատանքը կը վերջանար արեւը մայր մտնելէ բաւական առաջ. հայրս կը շտապէր եկեղեցի՝ «ժամ ըսելու»: Մենք ալ, եթէ ցանկութիւն չէինք ունենար հօրս դէմքը «թթու» տեսնելու, պէտք է երթայինք եկեղեցի: Այստեղ բոլորս կը խմբուէինք հօրս կողքին, իսկ Վահանը կը կանգնէր անոր առջեւ եւ ստէպ կ’իյնար անոր ոտքիպ տակ, որովհետեւ հայրս կը տարուէր ժամասացութեամբ, իսկ Վահանը՝ եղունգները կրծելով…
Մեծ բախտ էր Վահանի համար, երբ ան հօրս ոսկեղօծ շուրջառը ուսին նետած՝ հպարտ-հպարտ տուն կը բերէր: Շաբաթ երեկոները Ներսէսի եւ Վահանի մէջ այդ բախտին արժանանալու համար յաճախ ընդհարումներ տեղի կ’ունենային: Նոյնպիսի ընդհարումներ տեղի կ’ունենային մեր տան մէջ շաբաթ երեկոները՝ խունկ ծխելու առիթով:
Ամբողջ շաբթուան աշխատանքը եկեղեցիով ու աղօթքով եզրափակելէ յետոյ՝ հայրս կը համարէր իր պարտքը լիովին կատարած եւ կ’իյնար ուրախ ու հանգիստ տրամադրութեան մէջ, որպիսի տրամադրութիւն կ’օգտագործէին ամէնքը՝ սկսեալ անոր հետ գործ ունեցողներէն մինչեւ մեր տան բոլոր երեխաները: Ամբողջ երեկոն (ի հարկէ, եթէ հայրս հետեւեալ օրը պատարագիչ չէր ըլլար) մենք կը խաղայինք, կը ծիծաղէինք, հանաքներ կ’ընէինք հօրս հետ, Վահանը կը թռչէր անոր շալակը, կը ստիպէին վազվզել, թռչկոտիլ: Հայրս մեզի հետ երեխայ կը դառնար, եւ խաղերը կը շարունակուէին մինչեւ ուշ գիշեր: Մայրս այս խաղերը կը համարէր «տէրտէրի» համար «անվայել» եւ կ’աշխատէր չափ դնել անոնց:
– Ի՞նչ կենա (դարձեալ) խելռար, մարդ կ’անցնի, ակօշկեյեն (պատուհանից) տեսնի կը:
– Աղջի, խաղն ի՞նչ ամօթ է, խօ գողութեն չենք էնէ,- կը պատասխանէր հայրս:
… Հինգ-վեց տարեկան հասակէն Վահանը մտաւ դպրոց…
Դպրոցական պարապմունքներէն դուրս՝ հայրս փորձեց Վահանին տիրացութիւն սորվեցնել, բայց վերջինս անյաջող տիրացու դարձաւ: Երբ եկեղեցւոյ սեղանին առաջ կանգնած հերթը կու գար իրեն «ապրեցոն» ասելու, ան անփոփոխ կերպով ծիծաղէն կը փռթկէր: Հայրս կը բարկանար.
– Ծօ, անպիտա՜ն, մի՛ խնդար:
Այդ նկատողութենէն Վահանին ծիծաղը աւելի կը սաստկանար եւ անզգալի կերպով կը փոխուէր լացի ու հեկեկոցի:
Վահանին համար տիրացութեան ասպարէզ ստեղծելու անյաջող փորձերու մէջ հայրս, հակառակ իր բնաւորութեան, յամառ չեղաւ եւ զայն ազատ դարձուց այդ «պարտականութենէն»:
… Գիւղական դպրոցին մէջ Վահանը ոչինչով աչքի կ’իյնար, թէեւ լաւ աշակերտներէն էր: Վերջին հանգամանքը պէտք է վերագրել մեր ընտանեկան նպաստաւոր պայմաններուն, քան Վահանի առանձին ընդունակութիւններուն: Մասնաւորապէս՝ անընդունակ էր երգեցողութեան մէջ, ինչպէս մենք բոլորս (անոր եղբայրները եւ քոյրերը): Գանձայի դպրոցը Հովիւեանի շնորհիւ գաւառի ամենալաւ գիւղական դպրոցի համբաւ ստացած էր, բայց հայրս մշտապէս Վահանը այնտեղ թողելու մտադրութիւն չունէր: Ան խնդիր ուղարկած էր Լազարեան ճեմարանը եւ պատասխանի կը սպասէր: Մէկ անգամ ճեմարանի վարչութենէն մերժում եկաւ, բայց հայրս կրկին խնդիր ուղարկեց եւ յոյս ունէր, վերջիվերջոյ, Վահանը այնտեղ ուղարկել»:
1899 թուականին Տէրեանը կ’ընդունուի Մոսկուայի Լազարեան ճեմարան:
Նորայր Տէր Գրիգորեանի յուշագրութիւնը այստեղ կ’աւարտի. «Այսպէս Վահանը քննութիւններ տալով՝ մտաւ Լազարեան ճեմարան, որ դարձաւ անոր իսկական alma mater-ը, եւ որտեղի կեանքը կը կազմէ Վահանի կենսագրութեան յատուկ շրջանը՝ իր ուսումնասիրողին ու շարադրողին կարօտ»:
«Mediamax»
(2022)