Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

August 24, 2024
in Հայաստան
0
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

 

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, քննարկած է պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան ներկայիս ընթացքին եւ յառաջիկայ ծրագրերուն առնչուող հարցեր։

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան՝ քննարկումները, մասնաւորապէս, վերաբերած են ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն ու անոնց շրջանակին մէջ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան ծրագրերուն։

Հանդիպման մասին Պապիկեանը նաեւ X-ի մ էջ գրառում կատարած եւ լուսանկարներ հրապարակած է։

Հայաստանն ու Ֆրանսան անցեալ տարի Հոկտեմբերին ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին պայմանագրեր ստորագրած են, որոնցով Ֆրանսան Հայաստանին պէտք է ռատարներ եւ հրթիռներ տրամադրէ, խորհրդատուութիւն՝ բանակի բարեփոխումներու հարցով։

Պաքուն ալ մեղադրած է Փարիզը՝ «հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը խաթարելու», «միակողմանի մօտեցման ու հայամէտ դիրքորոշման» «Հայաստանը զինելու» համար՝ փաստացի պոյքոթելով Ֆրանսայի մասնակցութեամբ բանակցային բոլոր հանդիպումները։ Երեւանն ու Փարիզը պարբերաբար կը շեշտեն՝ Ֆրանսան Հայաստանին միայն պաշտպանական սարքաւորումներ կը տրամադրէ։

Պաշտօնական երեւանը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ պաշտպանական զէնք գնել՝ անկախ թէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելէ յետոյ ինչ անվտանգային իրավիճակ պիտի ըլլայ։ Փետրուար 23-ին Հայաստանը արդէն ստացած է պաշտպանական սարքաւորումներու առաջին խմբաքանակը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻ ԸՆԴՈՒՆՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Next Post

ՓՈՒԹԻՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՊԱՔՈՒ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Next Post
ՓՈՒԹԻՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՊԱՔՈՒ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՓՈՒԹԻՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՊԱՔՈՒ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.