Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆ

August 24, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆ

 

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը երէկ գիշեր յայտարարեց, թէ անցնող 24 ժամերուն ընթացքին հարաւի մէջ ինկած է առնուազն 8 զոհ եւ երեք վիրաւոր: Զոհեր պատճառած հարուածները եղած են Այթա Ժապալ, Թէյր Հարֆա, Մէյս էլ Ժապալ, Այթարուն եւ Մաարաքէ գիւղերուն մէջ: Իսրայէլեան ուժերը ծանրօրէն ռմբակոծեցին նաեւ Նաքուրայի ծայրամասերը, իսկ ռազմական օդանաւերը ձայնի պատը խզեցին հարաւային բոլոր շրջաններուն վերեւ: Կեդրոնը նաեւ յայտարարեց, որ Այթա Ժապալի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը պատճառած է առնուազն երկու մահ՝ ներառեալ 7 տարեկան երեխայ  մը: Իսկ Մայս էլ Ժապալի թիրախաւորումէն մահացած է առնուազն երկու հոգի, վիրաւորուած՝ երեք ուրիշներ: Հըզպալլա յայտարարութիւններով նշեց, թէ երէկ մահացած աձերուն մէկ մասը կուսակցութեան անդամներ են, աւելցնելով որ յարմար զէնքերով թիրախաւորած է Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան Սըմմաքա դիրքը, պատճառելով վնասներ: Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ, ի տես մերթ ընդ մերթ սրող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ հարաւի ու Պեքաայի մէջ նոր շրջաններու ռմբակոծումին, Հըզպալլա մշակած է թիրախներու ցանկ մը, որուն միջոցաւ պիտի դիմակայէ այս փուլի դժուարութիւնները: «Որպէս օժանդակող ճակատ, մենք պիտի երաշխաւորենք Իսրայէլի պարտութիւնը այս պատերազմին», ըսաւ Ֆատլլալա:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՇԽԱՐՀԻ 5 ԱՄԵՆԱՄԱՔՈՒՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.