ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ գումարեց Միջին Արեւելքի իրավիճակը արծարծող արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչը Հըզպալլային եւ Իրանին կոչ ուղղեց հանդարտելու եւ աւելի չսրելու տարածաշրջանի վիճակը, միաժամանակ առնչակից բոլոր կողմերը հրաւիրելով ինքնազսպումի: Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը իր կարգին յիշեցուց, որ Իսրայէլ ընդունած է զինադադարի առաջարկը եւ գնդակը այժմ Համասին մօտ է, պահանջելով ճնշում բանեցնել պաղեստինեան շարժումին վրայ, որպէսզի համաձայնի վերջ տալ հրաձգութեան: