Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՈՆԵԱՆԸ 4-ՐԴ ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆԻ ՎՐԱՅ

August 20, 2024
in Մարզական
0
ԱՐՈՆԵԱՆԸ 4-ՐԴ ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆԻ ՎՐԱՅ

 

 

Հայաստանի Ճատրակի ֆետերասիոնը կը յայտնէ, թէ Սէն Լուիսի մէջ աւարտած է «Grand Chess Tour: Saint Louis 2024» արագ եւ կայծակնային ճատրակի շրջանային մրցաշարքը։

Լարուած եւ հետաքրքրական պայքարէ ետք աղիւսակը ունեցաւ հետեւեալ տեսքը.

1) Ալիռիզա Ֆիրուզճան 23 միաւոր

2) Ուեսլի Սոն 20 միաւոր

3) Հիքարու Նաքամուրան 19,5 միաւոր

4) Լեւոն Արոնեան 19 միաւոր:
5) Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ 19 միաւոր
6) Ֆապիանօ Քարուանա 18 միաւոր

7) Եան Նեփոմնեաշչի 18 միաւոր

8) Նոտիրպեկ Ապտուսաթորով 16

9) Լենիէ Տոմինկես 15,5 միաւոր

10) Ռամիշփապու Փրակնանանտա 12 միաւոր

 

 

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՄԱՅՔ ԹԱՅՍԸՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

 

Համաշխարհային բռնցքամարտի առասպել 58-ամեայ Մայք Թայսըն կը պատրաստուի 15 Նոյեմբերին մենամարտելու 27-ամեայ Ճէյք Փօլի դէմ։ Զոյգը Նիւ Եորքի մէջ տուած է մամլոյ ասուլիս մը, առերես յիշատակի լուսանկար մը առնելէ ետք:

 

Հարցումի մը պատասխանելով, թէ արդեօ՞ք ինք պատրաստ է նման մենամարտ մը կատարելու, Թայսըն նշած է, որ իր վերադարձը «ռինկ» պայմանաւորուած է այն բանով, որ ինք ունակ է այդ մէկը կատարելու: «Ուրիշ ո՞վ կրնար ատիկա ընել»,- ըսած է բռնցքամարտիկը,- կրնամ «ռինկ»ին մէջ գտնուիլ այնպիսի բռնցքամարտիկներու դիմաց, որոնք նոյն մտադրութիւնները ունին, սակայն ճշմարտութիւնը այդպէս չէ: Երբ որ բռնեմ այս տղան, ամէն բան վերջացաւ, ան կը փախչի։ Գողի պէս կը փախչի»։

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎՈԼԻՊՈԼԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ

 

Լիբանանի վոլիպոլի երիտասարդական հաւաքականը 3-0 արդիւնքով առաւելութեան հասած է Պաղեստինի կազմին դէմ (25-10, 25-18, 2-23), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող մինեւ 20 տարեկաններու երկրորդ ախոյեանութեան երրորդ փուլի ծիրէն ներս կատարուած մրցումին:

Այս մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 25 Օգոստոս: Առաջին խմբակին մէջ ընդգրկուած են 9 երկիրներ ներկայացնող խումբեր՝ Լիբանան, Սէուտական Արաբիա, Միացեալ Էմիրութիւններ, Յորդանան, Պաղեստին, Պահրէյն, Քաթար, Քուէյթ եւ Սուրիա։

Արաբիա, Միացեալ Էմիրութիւններ, Յորդանան, Պաղեստին, Պահրէյն, Քաթար, Քուէյթ եւ Սուրիա։

Լիբանանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով յաղթած էր նաեւ Յորդանանին սակայն 2-3 արդիւնքով պարտուած՝ Էմիրութիւններէն։

 

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒՀԻՆ Կ’ԱՇԽԱՏԻ ՃԱՇԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

 

Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն մարմնամարզութեան մէջ պատուաւոր՝ արծաթէ մետալը նուաճելէ ետք վերադառնալով տուն, չինացի Զոու Եաքին, սովորական ձեւով, որպէս սպասեակ կը շարունակէ աշխատանքային առօրեան իր ծնողաց ճաշարանին մէջ:

Այս համեստ արարքը գնահատանքով ընդունուեցաւ ընկերային ցանցերու միլիոնաւոր հետեւորդներու կողմէ, ի դիմաց շարք մը այլ մարզիկներու, որոնք աւելի նուազ արդինքներու հասնելով առաւել մեծ տօնախմբութիւններու արժանացան:

 

 

 

 

 

 

ՇԱՐԺԱՆԻՒՆԵՐՈՒ  ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՖՐԱՆՉԵՍՔՕ ՊԱՆԱՅԱ՝ ԱՌԱՋԱՏԱՐ

 

Աշխարհի կրկնակի ախոյեան Ֆրանչեսքօ Պանայա (Ducati) յաղթանակով աւարտեց Աւստրիոյ Կրան փրին Աշխարհի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի ծիրէն ներս եւ դարձաւ միանձնեայ առաջատար:

Նախկին առաջատարը՝ սպանացի Խորխէ Մարթին (Prima Pramac Racing) գրաւեց 2-րդ հորիզոնականը, մինչ Էնիա Պասթիանինի (Ducati-Lenovo)՝ երրորդ դիրքը, իսկ աշխարհի վեցակի ախոյեան Մարք Մարքէզը (Ducati-Gresini) գրաւեց 4-րդ հորիզոնականը:

Այս հանգրուանը տեղի ունեցաւ անցնող Կիրակի, Աւստրիոյ Սփիլպըրկ քաղաքին մէջ, «Ռէտ Պուլ Ռինկ» մրցահրապարակին վրայ:

Ընդհանուր դասաւորումը՝

1) Ֆրանչեսքօ Պանայա (Իտալիա)՝ 275 կէտ

2) Խորխէ Մարթին (Սպանիա)՝ 270 կէտ

3) Էնիա Պասթիանինի (Իտալիա)՝ 214 կէտ

4) Մարք Մարքէզը (Սպանիա)՝ 192 կէտ

5) Մավրիկ Ֆինիալիս (Սպանիա)՝ 139 կէտ:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԾԱՆՐԱՑՈՒՄ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԾԱՆՐԱՑՈՒՄ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԾԱՆՐԱՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.