Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԳՐՈՀՆԵՐ

August 20, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԳՐՈՀՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարարութեան շտապ գործողութիւններու կեդրոնը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան երկու մարդ մահացած է Լիբանանի հարաւարեւելեան Հուլա շրջանին ուղղութեամբ իսրայէլեան օդային հարուածի պատճառով: Իսկ երէկ երեկոյեան, իսրայէլեան անօդաչու սարք մը հրթիռ արձակելով ինքնաշարժ մը կործանեց հարաւային Տէյր Քանուն էլ Նահր գիւղի ճամբուն վրայ: Ինքնաշարժ մըն ալ թիրախաւորուեցաւ հարաւային Նաքուրայի ճամբուն վրայ: Կարճ ժամանակ ետք Հըզպալլա յայտարարեց, թէ իր անդամներէն «Ապպաս Մըլհէմ եւ Մոհամմատ Քատտուհ ինկած են Երուսաղէմի ճամբուն վրայ»:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը իր կարգին նշեց, որ օդուժը Հըզպալլային պատկանող կառոյցներ ռմբակոծած է հարաւային Այթա Շաապ, Պէյթ Լէյֆ եւ Հուլա շրջաններուն մէջ: Ավիխայ Ատրահի յայտնեց նաեւ զինուորի մը մահը՝ Հըզպալլայի անօդաչու սարքերով յարձակումին պատճառով: Հըզպալլայի ռազմական լրատուութիւնը նախապէս յայտարարած էր, թէ որպէս հակադարձութիւն լիբանանեան գիւղերու թիրախաւորումին եւ աջակցութիւն՝ Կազային, այսօր առաւօտեան անօդաչու սարքերով, հրթիռներով եւ հրետանիով յարձակում գործած է իսրայէլեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զինուորական կուտակումներու վրայ՝ կործանելով կառոյցներուն մէկ մասը եւ պատճառելով ծանր վնաս:

Share61Tweet38
Previous Post

ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԻ ԽԶՈՒՄԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈՂՈՔ

Next Post

ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.