Կանաչապատ Ռաս էլ Մեթն գիւղի բանակավայրին մէջ Շաբաթ, 10 Օգոստոսի երեկոյեան կը տիրէր խորհրդաւոր հպարտութիւն մը: Միութենականներ, ծնողներ եւ հիւրեր հաւաքուած էին շոճիներու հովանիին տակ՝ վայելելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի 2023-2024 տարեշրջանը եզրափակող մեծ բանակումին խարուկահանդէսը: Ներկայ էին Լիբանանի ՀԲԸՄ Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներ, ՀԲԸՄ Համայնքային կեդրոնի (Նազարեան-Մովսէսեան համալիր) ատենապետ եւ Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ Կէրի Նազարեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ու վարչութեան անդամներ, Ռաս էլ Մեթնի քաղաքապետ Ռաժա Պու Ռըսլան ու շրջանի քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութեան պատասխանատու Մէհէր Հալապի, SDL եւ AEL սկաուտական համախմբումներու յանձնակատարներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անդամներ ու վեթերաններ, բազմաթիւ ծնողներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Բանակումին յաջողութիւնը, շարժումին աճը եւ միութեան անդուլ գործունէութիւնը խորհրդանշող խարոյկը վառելէ առաջ մատուցուեցաւ խաղողօրհնէքի սեղմ արարողութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներու հոգեւոր առաջնորդ Տէր Ղէւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի, ապա օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն:
Հասած էր պահը ծափողջիւններով դիմաւորելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խումբերը: ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբին ընկերակցութեամբ, խարուկահանդէսի հրապարակ մուտք գործեցին ընդհանուր խմբապետ Ժիրայր Թոսունեանը, շարժումի խմբապետ-խմբապետուհիներն ու անոնց տեղակալները, որոնց կը հետեւէին թիթեռները, արծուիկներն ու գայլիկները, արենուշներն ու սկաուտները, քառաւելներն ու երէցները: Բանակումը խորհրդանշող կայմին առջեւ հաւաքուած, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական ամբողջական խումբը ծնողներուն եւ հիւրերուն առջեւ կատարեց դրօշակի վերջին արարողութիւնը՝ երգելով Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները:
Փոխխմբապետուհիներ Գլարիթա Սթեֆանօ եւ Փաթիլ Տեմիրճեան հայերէնով եւ արաբերէնով ընթերցուած բացման խօսքին մէջ ներկայացուցին բանակումի թեման՝ «Առաջնորդող բոցեր», որ կը խորհրդանշէ ջերմութիւն, ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն: Անոնք բացատրեցին, թէ բոլոր սկաուտները իրենց ամողջական սէրն ու նուիրումը տուած են բանակումին եւ ապացուցած, որ խմբային աշխատանքով կարելի է իրականացնել նոյնիսկ ամէնէն դժուարը՝ ընդ որում աննպաաստ պամաններու մէջ: «Մենք մեր սկաուտական կեանքը որպէս փոքրիկներ
սկսած եւ հասակ առած ենք այստեղ, սորվելով արժէքաւոր դասեր եւ ճամբան հարթելով յաջորդ սերունդին, որ հետագային պիտի շարունակէ այս ուղին», ըսին անոնք, ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին Միութեան ղեկավարութեան, սկաուտական շարժումի խմբապետութեան, ծնողներուն եւ բոլոր միութենականներուն, որոնք նպաստեցին թէ՛ բանակումին, թէ՛ 2023-2024 տարեշրջանին յաջողութեան:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ 1936-ին սկսած ՀԵԸ-ի սկաուտութիւնը կը համարուի Միութեան հիմնասիւներէն մէկը, ուստի վերահաստատեց, որ Կեդրոնական վարչութիւնը ջանք չի խնայեր հետեւողականօրէն աջակցելու այս շարժումին, «որպէսզի աճի, զարգանայ, աւելի ընդարձակուի եւ ջահը շարունակաբար փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն՝ փառք ու պատիւ բերելով Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ու Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան»: Կարեւորելով տասնամեակներ երկարող ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումին շարունակականութիւնը եւ յիշեցնելով, որ բանակումը արտացոլումն է անցած տարեշրջանի գործունէութեանց, Չերչեան գնահատեց ապահովական այս զգայուն օրերուն յանձնախումբերուն միացեալ աշխատանքով նման յաջող բանակում մը անպայման կազմակերպելու ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի վճռակամութիւնը, որ ապացոյց է հետեւողականութեան, մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ դժուարութեանց դիմաց չընկրկելու անկոտրում կամքին:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր մարմինի ատենապետ Նշան Ղորղորեան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց Միութեան ղեկավարութեան, մասնաճիւղի բոլոր յանձնախումբերուն եւ ծնողաց՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցելու, զանազան դժուարութիւններուն դիմաց ամուր կանգնելու եւ օգտաշատ ու բարեյաջող տարեշրջան մը բոլորելու համար: «2023-2024-ին կազմակերպուած հարուստ գործունէութեանց շնորհիւ մեր սկաուտները ունեցան զանազան փորձառութիւններ եւ զինուեցան նոր հմտութիւններով ու գիտելիքներով», գոհունակութեամբ հաստատեց Ղորղորեան: Ան նաեւ ընդգծեց տարիներու ընթացքին Ռաս էլ Մեթնի քաղաքապետութեան եւ բնակչութեան հետ մշակուած սերտ յարաբերութիւնը, որուն նշանն էր գիւղացիներուն կողմէ բանակողներուն յատկացուած հոգատարութիւնը:
Յարգելով ամէնամեայ սովորութիւնը, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի «Գրիգոր Փորփոսեանի անուան Ղեկավարութեան մրցանակը» այս տարի շնորհուեցաւ խմբապետ Կարօ Գոթահալեանին: Խարուկահանդէսի ամբողջ ընթացքին, սկաուտները մերթ ընդ մերթ կ’ընթերցէին Աւետարանէն ոգեշնչող խօսքեր: Ապա, «Առաջնորդող բոցեր» արձակող խարոյկի հրահրումէն ետք սկսաւ խարուկահանդէսի սկաուտական եւ գեղարուեստական հատուածը, որուն ընթացքին բոլոր խումբերը ներկայացուցին պարեր, երգեր եւ թատերական կարճ գործեր: Երեւակայական բանակավայրի մէջ քառաւելի մը շրջագայութեան եւ դիտարկումներուն շուրջ մշակուած յայտագրին ծանրակշիռ մասը հայկական էր՝ իր ազգային եւ ժողովրդական հատուածներով, առանց մոռնալու լիբանանեան եւ միջազգային մշակոյթները: Ներկաներուն հետաքրքրութիւնը առաւել շարժող հատուածներն էին Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդանը» գործին արդիականացած տարբերակին ներկայացումը՝ մերօրեայ երգիծական յաւելումներով, նաեւ զանազան երկիրներու մշակութային իւրայատկութիւններուն՝ տարազին, երգ ու պարին, աւանդոյթներուն մատուցումը, բանակավայրին մէջ ստեղծելով գունագեղ, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը, որ իր աւարտին հասաւ սկաուտական «Ցտեսութիւն» երգի կատարումով եւ դարձեալ մէկտեղուելու խոստումով, որ միասնաբար՝ ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի կատարեցին բանակավայրին մէջ բոլոր գտնուողները՝սկաուտներ, խմբապետներ, վարչականներ, ծնողներ, վեթերաններ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Այս յուզումնախառն պահը ու անոր նախորդած խարուկահանդէսը վերահաստատեցին, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտութիւնը պարզապէս շաբաթական հաւաք չէ, այլ՝ ընկերային, մարդասէր ու շրջահայեաց քրիստոնեայ հայ մարդը կերտող շարժում:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ