Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը Ուխտի օրն է Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին, որ ամէն տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի, ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ։
Այս տարի, Շաբաթ 17 Օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, հաւատացեալներ հոծ բազմութեամբ բարձրացած էին Սուրբ Աստուածածին վանք, ուր, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պա-տարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբանական թափօրը բարձրացաւ խորան եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհ-նութեան կարգը։ Յետ արարողութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս տուաւ իր պատգամը։ Ան հաւատացեալներուն ուշադրու-թիւնը հրաւիրեց հետեւեալ երեք հրամայականներուն վրայ.
Առաջին. աղօթքի հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Աղօթքը, որեւէ կրօնքի պարագային, առաջնահերթ պարտա-ւորութիւնն է այդ կրօնքին հետեւող հաւատացեալներուն։ Աղօթքը, պարզ հասկացողութեամբ, անհատին եւ Աստուծոյ միջեւ յարաբերութիւն է։ Աստուած ի՛նքն է ստեղծիչը կեան-քին՝ իր բանական, կենդանական եւ կենսոլորտային արտա-յայտութիւններով։ Արդ, Ստեղծիչին եւ ստեղծեալին միջեւ յարաբերութիւնը էական է եւ այդ յարաբերութիւնը սովորա-կան իմաստով պէտք չէ ըմբռնել։ Ան սիրով, երախտա-գիտութեամբ ու հաւատարմութեամբ ամրացուած յարաբերութիւն է։
Աստուածաշունչը կարեւորութեամբ կը շեշտէ աղօթքին դերը մարդու կեանքին մէջ։ Նոր Կտակարանը յատկապէս, այնքան յստակութեամբ կը թելադրէ՝ ըսելով «մտի՛ր սեն-եակդ, ծածուկ կերպով աղօթէ, մի՛ շատախօսեր, խնդրանք-ներու երկար ցանկ մը մի՛ ներկայացներ Աստուծոյ»։ Աստուած գիտէ մեր դժուարութիւնները։ Եւ, տակաւին, Ան կ՚ըսէ՝ իրարու համար աղօթեցէք, մի՛շտ աղօթեցէք։ Արդ, քրիստոնեան հարկ է աղօթէ իր Ստեղծիչին շնորհակա-լութիւն յայտնելու՝ իրեն շնորհած կեանքին, յաջողութեան ու երջանկութեան համար։ Աստուած ծանօթ է մեզմէ իւրաքան-չիւրին դժուարութիւններուն ու յաջողութիւններուն, սխալնե-րուն ու գործերուն։ Հետեւաբար, աղօթքը սպասումներու արտայայտութիւն ըլլալէ աւելի պէտք է դառնայ աղերսանքի ու շնորհակալութեան առիթ։ Մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայ-լափոխին պէտք է դառնանք Աստուծոյ եւ մեր երախտագի-տութիւնը յայտնենք մեզի շնորհած բարիքներուն համար։ Ա՛յս է աղօթքին իմաստը։
Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, Քրիստոսի ցոյց տուած ճամբէն քալել ու ճշմարտութիւնը ապրիլ։ Առաւօտուն, երբ կ՚արթննանք՝ աղօթե՛նք Աստուծոյ, որպէսզի մեր օրը բարիքներով ու յաջողութեամբ լեցուի։ Ճաշելէ առաջ՝ աղօթե՛նք, գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ Իր պարգեւած հացին համար։ Քնանալէ առաջ աղօթե՛նք, որով-հետեւ Աստուած օր մը եւս շնորհեց մեզի՝ զայն ապրելու Իր փառքին համար։ Ուր աղօթական կեանք գոյութիւն չունի, հոն բացակայ է Աստուած։ Հետեւաբար, պէտք է աղօթքով կերտենք ու իմաստաւորենք մեր կեանքը՝ հեռու ամէն տե-սակ ցուցական երեւոյթներէ։ Աղօթենք ուրիշին օգնելով, աղօթենք ուրիշին արցունքը սրբելով, կարիքաւորին հաց տալով, աշակերտին օժանդակելով։ Աղօթենք Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներն ու ճշմարտութիւնները մեր կեանքին մէջ կենսագործելով։
Երկրորդ. բարոյական դաստիարակութեան հրամայա-կան անհրաժեշտութիւնը։ Բարոյական դաստիարակութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկն է։ Բարոյական դաստիարակութիւն ըսելով կը հասկնանք քրիստոնեայ մարդը աստուածաշնչական արժէքներով ու ուսուցումներով կերտել, անոր մէջ քրիստոնէութիւնը դարձնելով ո՛չ թէ պիտակ, այլ՝ կեանքի որակ։ Ուր բարոյա-կան արժէքները ներկայ չեն, հոն բացակայ է նաեւ քրիստո-նէութիւնը՝ որպէս կեանք, ճշմարտութիւն ու ճանապարհ։
Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս դարեր շարունակ հայու-թիւն ու քրիստոնէութիւն, կրօնք ու ազգ դարձած են մէ՛կ ու անբաժանելի ամբողջութիւն եւ այդ ամբողջութիւնը եղած է մեր ժողովուրդին համար հզօրութեան աղբիւր, գոյութեան կռուան, ստեղծագործական իրագործում։ Հետեւաբար, հայակերտում մեզի համար կը նշանակէ հայ մարդու հոգե-ւոր ու բարոյական արժէքներով կերտում։ Հայեցի դաստիա-րակութիւն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Բարոյական արժէքները մեզի համար սոսկ կրօնական բնոյթ չունին, այլ նաեւ անոնք ազգային խորք ու հէնք ունին։ Ա՛յս գիտակութեամբ ու յանձնառութամբ մեր եկեղեցին ծառայած է ու կը շարունակէ ծառայել։ Ա՛յս գի-տակցութեամբ հայ դպրոցը իր առաքելութիւնը կատարած է եւ պէտք է շարունակէ նոյն ոգիով։
Ներկայ ժամանակներուն, նաեւ հայ կեանքէն ներս, սկսած են թափանցել այնպիսի մտածելակերպեր ու կենցա-ղակերպեր, որոնք փաստօրէն հեռու են բարոյական արժէք-ներէն։ Ականջալուր կը դառնանք այնպիսի երեւոյթներու, նոյնիսկ մեր ընտանիքներէն ներս, որոնք մեր զաւակները կ՚առաջնորդեն սխալ ուղղութեամբ եւ մեր ընտանիքներուն ազգային ու կրօնական նկարագիրը կ’աղարտեն։ Դժբախ-տաբար, ճարտարագիտութիւնը, իր զանազան միջոցներով, սկսած է արժէքներ փճացնել, ինքնութիւններ քանդել, աւան-դութիւններ խաթարել։ Ընկերային, սեռային ու փոխյարաբե-րական կեանքին մէջ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն խոտոր համեմատող երեւոյթներ սկսած են ի յայտ գալ մեր նոր սերունդին մօտ։ Այս մտահոգիչ կացու-թեան դիմաց մենք կրնանք պայքարիլ բարոյական դաստիարակութեան վերաշխուժացումով ու վերակազ-մակերպումով։ Այս ծիրէն ներս, բնականաբար մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը նոր ժամանակներու յատուկ շեշտաւորումով։ Այս ուղղութեամբ հրամայական կը նկատենք թէ՛ հայ դպրոցին եւ թէ՛ մանաւանդ հայ ընտա-նիքին վիճակուած դերը։
Երրորդ. մարդուժի պատրաստութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ ներկայ տարին հռչակեցինք «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։ Այս շրջագիծէն ներս Հայրապետական հռչակագրով պարզեցինք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մարդուժի տագ-նապը եւ զայն դիմագրաւելու միջոցները։ Մարդուժը ընկե-րութեան արիւն ներարկող աղբիւր է. երբ այդ արիւնը սկսի պակսիլ, ընկերութիւնը կրնայ կորսնցնել իր որակը, ինք-նութիւնը եւ նոյնիսկ գոյութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ մարդուժի տագնապին։ Այսօր մարդուժի տագ-նապ գոյութիւն ունի մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ ամէն տեղ։ Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը։ Փաստօրէն, քահա-նաներու, սարկաւագներու, դպրապետներու պակաս կայ այսօր ամէն տեղ. նոյնպէս՝ տնօրէններու ու ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գրողներու, խմբագիրներու եւ կարելի է շարքը շարունակել։ Այլ խօսքով, մեր կեանքը աւելի կազ-մակերպող, ծաղկեցնող, բարգաւաճ պահող պատ-րաստուած ու կազմաւորուած մարդու պակասը աւելի քան երբեք զգալի է ամէն տեղ։ Իրողական այս կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ։ Հարկ է հաւաքաբար մտածել ու ծրագրել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել։ Այս հարցումին պատասխանը պէտք է փնտռէ իւրաքանչիւր կառոյց՝ իրեն յատուկ միջոցներով ու մօտեցումներով։ Հա-ւաքական պատասխանատուութեան մը դիմաց ենք եւ իւրա-քանչիւր կառոյց պէտք է բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ մօ-տենայ այս հարցին, որ փաստօրէն դարձած է ամէնօրեայ տագնապ։ Վերջապէս, սա կացութեան դիմաց ո՞ւր են բարձ-րագոյն ուսում ստացած մեր երիտասարդները։ Մենք զա-ւակներն ենք մեծ ընտանիքի մը, որ մեր ազգն է, Հայրենիքն է, համայնքն է, եկեղեցին է, մեր կառոյցներն են։ Մեր մաս-նակցութիւնը ու ներդրումը մեր մեծ ընտանիքին հրամա-յական է։ Ա՛յս կը սպասեմ մեր երիտասարդ սերունդէն։
Հայրապետական պատգամի աւարտին, Նորին Սրբու-թիւնը ըսաւ, որ իր մատնանշած երեք կէտերը, որոնք այժ-մէական են ու էական, կարեւորութեամբ նկատի առնուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Ան նաեւ շեշտեց, որ «փոխանակ քննադատելու, մեղադրելու եւ ողբալու, հարկ է միասնաբար գործել ու պայքարիլ՝ մեր սխալները ուղղելու, մեր թերութիւնները սրբագրելու եւ մեր կեանքը աւելի կազ-մակերպելու եւ ծաղկեցնելու համար ազդու միջոցներու դիմելու»։