«Սրտի ցաւով պիտի ըսեմ, որ, վերջիվերջոյ, Րաֆֆիի արխիւը Հայաստան չհասաւ: Ճանապարհին կա՛մ կորսուած է, կա՛մ չարամտաբար ոչնչացուցած են. ազգային մեծ կորուստ»: Աւետիք Իսահակեանի նամականիին վրայ հանդիպած են այս գրութեան՝ ուղղուած սփիւռքահայ գրող Լեւոն Մեսրոպին (1957 թ., Սեպտեմբեր 6, «Աւետիք Իսահակեանի նամակները», էջ 410, Երեւան, 2016թ.):
Նամակը գրուած էր 1957 թուականին: Հնարաւոր է ՝ աւելի ո՞ւշ այն տեղ հասած է, Չարենցի անուան գրականութեան (ԳԱԹ) եւ արուեստի թանգարանին մէջ է կամ Մատենադարանի՞ն: Ոչ. ԳԱԹ-ի մէջ, Մատենադարանին մէջ կան Րաֆֆիի առանձին ձեռագրեր, բայց ամբողջական արխիւը, որուն մասին կան բազմաթիւ յիշատակութիւններ, անհետ կորսուած է:
Րաֆֆիի հարուստ արխիւին մասին վկայութիւններէն մէկը թարգմանիչ, նկարիչ, արեւմտահայերու իրաւունքների պաշտպան Զապէլ Պոյաճեանի նամակն է Աւետիք Իսահակեանին: Զապէլ Պոյաճեանը ծնած էր Տիարպեքիր, 1873-ին: 1895-ի համիտեան ջարդերէն յետոյ, ընտանիքին հետ տեղափոխուած էր Պոլիս, ապա` Կիպրոս, Մարսէյ, Փարիզ ու, վերջապէս, Լոնտոն: Լոնտոնահայ համայնքի ամենամեծ ու ազդեցիկ կազմակերպութիւնը «Լոնտոնի հայ գործաւորներու եւ ուսանողներու միութիւն»-ն էր, որ կը համախմբէր կոտորածներէն փախած եւ Լոնտոնի մէջ ապաստանած հայերը: Միութիւնը ստեղծուած էր 1898-ին՝ Րաֆֆիի այրիին՝ Աննա Րաֆֆիի եւ անոր որդիներու՝ Արամ եւ Արշակ Րաֆֆիներու եւ քանի մը այլ հայերու ջանքերով:
Պոյաճեանի անտիպ նամակը, որ կը պահպանուի ԳԱԹ-ի Իսահակեանի ֆոնտին մէջ, գրուած է 28 Օգոստոս 1946-ին, Լոնտոնէն:
«Մեծ բանաստեղծ Աւետիս Իսահակեան, Երեւան
շա՛տ սիրելի եւ յարգելի բարեկամս,
… Իսկ անցեալ օր տիկին Րաֆֆին (խօսքը Րաֆֆիի որդիին՝ Արշակի կնոջ մասին է-խմբ.) իմ վրայ տխուր պարտականութիւնը դրաւ իր ամուսինին՝ Արշակ Րաֆֆիին մահուան ցաւալի լուրը Ձեզի հաղորդել, որ տեղի ունեցաւ այս ամսուան 12-ին, իրենց տունին մէջը: Յուղարկաւորութիւնը շատ պատշաճ կերպով կատարուեցաւ հայկական եկեղեցիին մէջ, ուր ներկայ կային նաեւ համալսարա«նա»կան ուսուցիչ ընկերներէն, որոնցմէ մին գեղեցիկ դասախօսութիւն մը ըրաւ Արշակ Րաֆֆիին համալսարանական գործին վրայ՝ իբրեւ ռուսերէնի եւ սլաւոնական նիւթերու վրայ ուսուցիչ եւ դասախօս: Յետոյ դագաղը տարուեցաւ տիկին Աննա Րաֆֆիին եւ Արամ Րաֆֆիին մօտ տեղաւորուեցաւ, որպէսզի երեքը միասին օր մը Հայաստան փոխադրուին: (Լոնտոնի «Քենզըլ կրին» գերեզմանատան մատուռին մէջ կը պահուին տիկին Աննայի եւ անոր որդիներուն դագաղները, որոնց մէջ կը գտնուին անոնց զմռսուած դիակները` հետագային Թիֆլիսի կամ Երեւանի մէջ թաղելու համար: Անոնք չեն տեղափոխուած ո՛չ Թիֆլիս, ո՛չ Երեւան- խմբ. ):
Այսպէս ընտանիքը վերջացաւ, ի բացառեալ Արշակին կինը, Ալեքսանտրա, որ դեռ երիտասարդ, բայց շատ լուրջ եւ ազնիը տիկին մըն է, արժանի այդ անունը կրող վերջինը ըլլալուն:
Ինծի ըսաւ, որ Ձեզ իմացնեմ մտադրութիւնը Րաֆֆիին եւ տիկին Րաֆֆիի ձեռագրերը Երեւան թանգարանին նուիրելու: Ինձ նման ան կէս հայ եւ կէս անգլիացի է, կամ աւելի ճիշդ է ըսել՝ իրլանտացի, բայց հայերէն եւ ռուսերէն լաւ գիտէ…»:
Րաֆֆիին ընտանիքը
Րաֆֆին ամուսնացած էր ազգութեամբ ասորի Աննա Հորմուզի հետ: Տիկին Աննան ծնած էր 1848 թուականին Պարսկաստանի Ուրմիա քաղաքը: Րաֆֆիներու ընտանիքին բարեկամ Մինաս Վերածինը այսպէս կը նկարագրէ զայն. «տիկին Րաֆֆին միջահասակ, նուրբ եւ կանոնաւոր դիմագծերով կին մըն էր, շատ բարեկիրթ, ուսեալ եւ շատ հիւրասէր: Ուսանած էր Ուրմիոյ միսիոնական աղջկանց վարժարանը: Ծագումով ասորի էր եւ լսած եմ, որ ան դուստրն էր ասորի մելիքի մը: Իր աղջկական անունը եղած էր օրդ. Աննա Հուրմուզ Հիւրմուզ… Տիկին Աննա կը խօսէր եւ կը գրէր շատ սահուն հայերէն եւ ասորերէն: Գիտէր նաեւ Ատրպատականի թրքերէն, ռուսերէն եւ վրացերէն: Կը խօսէր, կը կարդար եւ կը գրէր անգլերէն»:
Ունեցած են երեք զաւակ: Դուստրը՝ Եսթերը, 12 տարեկանին մահացած է: Որդիներէն աւագը՝ Արշակ Րաֆֆին, ծնած է Թաւրիզի մէջ, 1875-ին, կրտսերը՝ Արամ Րաֆֆին, Ագուլիսի մէջ, 1879 թ-ին: Երկուքն ալ աւարտած են Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը:
Րաֆֆիի ընտանիքը, դատելով ժամանակի մամուլի հրապարակումներէն, ֆինանսական ծանր կացութեան մէջ եղած է: Ահա Շիրվանզադէի յուշերը՝ Րաֆֆիի մասին.
«Անգամ մը,- պատմած է անոր Րաֆֆին,- կէս գիշերին ծխել ուզեցի պարապելու ժամանակ: Ծխախոտս վերջացած էր: Միեւնոյն ժամանակ եւ սաստիկ քաղցած էի: Գրպանս ունէի երեք կոպեկ: Մտածեցի՝ ի՞նչ գնել՝ ծխախո՞տ, թէ՞ հաց»: Րաֆֆին, այնուամենայնիւ, ընտրած է հացը, թէեւ թէ՛ նրա կինը, թէ՛ ճանչցողները, կը պատմէին, որ ան կը ծխէր անդադար: Միակ անոր շռայլութիւնն էր թէյը: Գիշերը գրեթէ մինչեւ լոյս պարապելով, ան շարունակ կը խմէր թանձր թէյ ու կը ծխէր, անվերջ կը ծխէր:
1888 թուականին Րաֆֆին կը հիւանդանայ: Անոր մահէն յետոյ անոր ընտանիքը նիւթական ծանր վիճակի մէջ էր: Այն, որ Րաֆֆին մեծ արխիւ ունեցած է, որմէ շատ ձեռագրեր ու նիւթեր առգրաւած են ցարական ժանտարմները՝ անոր տան խուզարկութեան ժամանակ, կը վկայէ Րաֆֆիին նամակը Թաւրիզի ուսուցիչ Խ. Տ. Զաքարեանին.
«Եթէ մինչեւ գալոց փոշտի օրը չգայ եւ չուղարկեցի («Կայծեր»-ի օրինակները՝ Թաւրիզի բաժանորդներին-խմբ.), կը նշանակէ , որ իմ մօտ խուզարկութիւն եղած ժամանակ միւս թուղթերուս հետ տարած են» (Նամակը գրուած է 18 Օգոստոս 1887-ին: Կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Րաֆֆիի արխիւին մէջ):
Րաֆֆիի մահէն անմիջապէս յետոյ անոր բարեկամները՝ կնոջ հետ միասին, ժողովելով բոլոր ձեռագրերը՝ կնքել կու տան:
Րաֆֆին ունէր հին դրամներու հաւաքածու: Քանի որ անոր մահէն յետոյ ընտանիքը ֆինանսական ծանր դրութեան մէջ էր, կինը կ’որոշէ վաճառել հաւաքածուն: 1896 թուականին Թիֆլիսէն կը մեկնին Փեթերպուրկ՝ հաւաքածուն վաճառելու, սակայն չեն կրնար վաճառել: Տիկին Աննան՝ աւագ որդիին՝ Արամի հետ, կը մեկնի Լոնտոն՝ յոյս ունենալով, որ հաւաքածուն այնտեղ կը վաճառէ: Հանրակառքին մէջ, սակայն, գրպանահատները հաւաքածուն կը գողնան: Եւ Րաֆֆիները՝ վերադառնալու միջոց անգամ չունենալով, կը մնան Լոնտոնի մէջ:
Տիկին Աննան ամուսինին արխիւը իր հետ տարած էր Լոնտոն. «Շեփըրտս Պուշի (Shepherd’s Bush-ը Րաֆֆիներու լոնտոնեան բնակարանին հասցէն էր-խմբ.) այն համեստ եւ հիւրընկալ բնակարանը լեցուն էր մեր մեծ վիպասան Րաֆֆիի թղթակցութիւնները, ձեռագրերը, գրած նամակներու պատճէնները, գործածած գրիչ-կաղամարները եւ այլն եւ այլն կը պահուէին հոն մասունքի պէս» (Մինաս Վերածին, «Րաֆֆիի եւ անոր ընտանիքին շուրջը (յիշողութիւններ եւ խորհրդածութիւններ)» : Ըստ նոյն աղբիւրին՝ տիկին Աննան կազմած էր ամուսինին կենսագրութիւնը՝ նկատելով, որ անոր ծննդեան պաշտօնական թիւը ոչ թէ 1835-ն է, ինչպէս, ի դէպ, կը նշուի մինչ օրս, այլ՝ 1837-ը: Րաֆֆիի կենսագրութեան այս ձեռագրին գտնուելու վայրը այսօր ալ անյայտ է:
Որդիները
Արամը իր կրթութիւնը շարունակած է Լոնտոնի համալսարանին մէջ՝ ուսումնասիրելով լեզուներ եւ անգլիական գրականութիւն, իսկ Արշակ Րաֆֆին մեկնած է Փեթերպուրկ՝ բժշկութիւն սորվելու, ուսումնը աւարտելէ յետոյ վերադարձած է Լոնտոն եւ զբաղած է մանկավարժութեամբ:
Լոնտոնի մէջ, 1898 թուականին Րաֆֆիներու ջանքերով կը հիմնադրուի Հայկական ակումբը, որուն անդամները Լոնտոնի մէջ ապաստանած տարբեր խաւերու մօտ 400 հայեր էին:
Րաֆֆիի ընտանիքին մասին քիչ տեղեկութիւններ կան: Եւ անոնք, հիմնականին մէջ, մեզի հասած են Զապէլ Պոյաճեանի շնորհիւ.
«Այս քաջ, առաքինի սիրտ ունեցող կինը (Աննա Հորմուզը-խմբ.) իսկապէս արժանի է ամբողջ ազգէ մը պաշտուած իր ամուսինին: Ուղղամիտ, եռանդուն եւ հայրենասէր, չկար բան մը, որ կարենար զինք շեղել իր ընտրած ճանապարհէն: Ամուսինին յիշատակը ոչ միայն միտքին մէջ միշտ թարմ էր, հապա նաեւ անոր նպատակները, բաղձանքները յառաջացնել: Մէկ խօսքով, անոր սկսած գործը շարունակել՝ տիկին Րաֆֆիի ամբողջ էութեան հիմքն էր: Իր ամուսինին գրական աշխատութիւններուն հոգ տանելէ զատ՝ ամէնէն մեծը եւ իր սիրտին ամէնէն մօտը Րաֆֆիի կենսագրութիւնը պատրաստելն էր… Բայց մինչեւ անգամ այս (որդիի՝ Արամի մահուան-խմբ.) վիշտը կենսագրութիւնը մոռնալ չտուաւ: Տենդագին շտապելով՝ վերադարձաւ գործին, կարծես թէ գիտէր, որ ժամանակը կարճ էր…»:
Արամ Րաֆֆին մահացաւ 1919 թուականին, 44 տարեկանին, ամուրի եւ անժառանգ:
Աննա Րաֆֆին մահացաւ Արամի մահէն 8 ամիս անց, 1920 թուականին, 72 տարեկանին:
Արշակ Րաֆֆին մահացաւ 1946 թուականին, 67 տարեկանին, անժառանգ: Միակ ժառանգութիւնը հօր թանկարժէք արխիւն էր, որ թողեց իր իրլանտուհի կնոջ:
Ըստ ԳԱԹ-ի աշխատակիցի՝ «առայժմ անյայտ է, թէ Րաֆֆիի նամակներուն որ մասը մնացած է եւ որուն մօտ կը գտնուի» (Գ. Ազնաւուրեան, «Րաֆֆու անտիպ նամակներից», առանձնատիպ, 1956, ԳԱԱ տեղեկագիր):
«Գենետիկայի ինստիտուտի գիտական աշխատակից Գ. Սանթրոսեանէն ԳԱԹ-ը նուէր ստացաւ վիպասան Րաֆֆիի գրիչին պատկանող կամ անոր վերաբերող շարք մը արխիւային նիւթեր. 16 նամակ, քանի մը դիմում՝ ուղղուած Թաւրիզի դպրոցի ուսուցիչներուն: Նամակները գրուած են 1862-1888 թթ.» («Նոր նիւթեր Րաֆֆու մասին», առանձնատիպ, Երեւան, 1950 թ.:):
Իսկ ամբողջական արխիւը…
Զապէլ Պոյաճեանի՝ Իսահակեանին գրած նամակին մէջ կ’ըսուի, որ Արշակ Րաֆֆիի կինը՝ իտլանտուհի Ալեքսանտրան, փաստօրէն, մտադիր էր անոր ձեռագրերն ու նամակները նուիրել Հայաստանի Գրականութեան թանգարանին: Ալեքսանտրիան Մինաս Վերածինին պատմած է, որ 1947 թուականին Րաֆֆիի ձեռագրերով եւ փաստաթուղթերով լեցուն արկղ մը ինք յանձնած է Լոնտոնի Խորհրդային դեսպանատուն՝ Հայաստան տեղափոխելու համար: Արկղին մէջ եղած են նաեւ «Սալբի» վէպի 2-րդ եւ 3-րդ հատորները, որոնք ձեռագիր վիճակի մէջ էին եւ մինչ այդ երբեք չէին հրատարակուած: Բայց ան չի գիտեր՝ ի՞նչ եղած է այդ արկղը`այն Հայաստան չէ հասած եւ մինչ օրս Րաֆֆիի արխիւի գտնուելուն մասին որեւէ վկայութիւն չկայ:
«Mediamax»
(2022)