Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

August 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

 

 

Անգամ մը եւս, Լիբանանի մէջ ամռան տօթին կ’ընկերակցի ելեկտրամատակարարումի ամբողջական խափանումը՝ վառելանիւթի անբաւարարութեան պատճառով: Այս էր շաբաթավերջի  օրերուն իրավիճակը, մինչ Ելեկտրականութեան հաստատութիւնը կարողացաւ նուազագոյն ժամերով ելեկտրականութիւն մատակարարել Պէյրութի օդակայանին, Ջուրի հաստատութիւններուն եւ շարք մը պետական տարրական այլ կեդրոններու՝ վառելանիւթ փոխ առնելով Զահրանիի քարիւղային հաստատութենէն: Երէկ ժողով մը գումարեց նաեւ Լիբանանի Ելեկտրականութեան հաստատութեան խորհուրդը, որ համաձայնեցաւ 20 միլիոն տոլարի գումար փոխանել Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան, որպէսզի կարելի ըլլայ վճարել Իրաքէն ուղարկուելիք վառելանիւթին սակագինը: Կը նախատեսուի, որ քարիւղատար «Spot Cargo» նաւը Լիբանան հասնի 24 Օգոստոսին եւ փոխադրէ 30 հազար քիլոլիթր քարիւղ, որպէսզի այդ թուականէն սկսեալ վերաբնականոնանայ ելեկտրամատակարարումը:

Այս տագնապահար վիճակի լոյսին տակ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ հաղորդակցութիւններու շնորհիւ Ալճերիոյ նախագահ Ապտ ալ Մաճիտ Թապպուն յանձնարարած է անյպաղ Լիբանանին տրամադրել վառելանիւթի որոշ բեռ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել այս ծանր փուլը: Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին, իսկ վարչապետին փոխանցեց Լիբանանի երախտագիտութիւնը՝ Ալճերիոյ մնայուն աջակցութեան համար:

 

Share61Tweet38
Previous Post

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԷՐՆԵՐ

Next Post

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

Next Post
ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.