- Մեզրաուին եւ Տը Լիխթը պաշտօնապես միացան «Մանչեսթըր եունայթըտին»
«Մանչեսթըր Եունայթըտ» յայտարարած է Պայըրն Միւնիխի աջ պաշտպան՝ մարոքցի Ընսէյր Մեզրաուիի եւ հոլանտացի պաշտպան Մաթյաս տը Լիխթի հետ պայմանագիր կնքելու մասին լուրը:Տը Լիխթը կնքած է հինգ տարուան պայմանագիր, որ կ’աւարտի 2029 թուականի ամռան, մինչդեռ Մեզրաուին՝ չորս տարուայ, մինչեւ 2028 թուական: Երկու պայմանագրերն ալ եւս մէկ տարիով երկարաձգելու հնարաւորութեամբ։Ըստ տեղեկութիւններուն՝ Տը Լիխթը «Մանչեսթըր եունայթըտ» տեղափոխուած է 45 միլիոն եւրոյի դիմաց՝ գումարած 5 միլիոն եւրո որպէս խրախուսական գումար:
- «Պրայթըն» ակումբը մօտ է «Մէյնց»ի Կրուտինին հետ պայմանագիր կնքելուն
Brighton & Hove Albion-ը մտադրած է Գերմանիոյ մինչեւ 21 տարեկաններու եզրային յարձակուող Պրայըն Կրուտին հրաւիրել իր քով, եւ բանակցութիւնները, ինչպէս կը նշուի, բաւական յառաջդիմած են: «Մէյնց» ակումբի տնօրէն Քրիսթիան Հէյտըլ հաստատած է բանակցութիւններուն յառաջընթացը՝ պարզաբանելով, որ երկու ակումբներն ալ մօտ են սոյն գործարքի աւարտին։
Ան նշած է, որ «երբ խօսքը արդեն ստորագրութեան փուլին կը հասնի, երբեմն այդ մէկը կրնայ քիչ մը դժուար ըլլալ: Մենք պարտաւոր չենք խաղցողը վաճառել: Մենք կը վաճառենք զայն, երբ մեր ակնկալիքները կը կատարուին: Մենք շատ մօտ ենք անոր»:
- Սէուտական Արաբիոյ Փրոֆ-լիկայի ակումբները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Ռեշֆորտի նկատմամբ
Ըստ «Fichajes»-ի, Սէուտական Արաբիոյ փրոֆեսիոնալ լիկայի քանի մը ակումբներ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի յարձակող Մարքոս Ռեշֆորտի նկատմամբ, քանի որ անոնք պատրաստ են անգլիացի ֆութպոլիստին համար առաջարկելու հսկայական՝ 86 միլիոն սթերլինկ (100 միլիոն եւրօ): Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Կարմիր սատանաները» պատրաստ են լսելու Ռեշֆորտի առաջարկը, որ նախորդ մրցաշրջանէն սկսեալ կը պայքարէր լաւ մարզավիճակ վերագտնելու համար: ·
- «Նափոլի»ի սեղանի շուրջ պաշտօնական առաջարկ եղած է Լուքաքու-Օսիմեն փոխանակման մասին
Ըստ «The Times»ի, նախկին ախոյեան «Նափոլ»ի «Չելսի»ին առաջարկած է Ռոմելու Լուքաքուին համար, որուն համաձայն Վիկթոր Օսիմենը նոյնպէս կը տեղափոխուի «Սթեմֆըրտ Պրիճ»: Լուքաքուն որոշած է հանդիպիլ «Չելսիի» եւ «Ինթերի» նախկին գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի հետ, Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնայի մարզադաշտին մէջ: ·
- Տիպալան համաձայնած է միանալ «Ալ-Քատիսիյային»
Աշխարհի բաժակակիր Արժանթինի աստղ Փաուլօ Տիապալան պատրաստ է միանալու Սէուտական Արաբիոյ փրոֆեսիոնալ լիկայի «Ալ-Քատիսիյային», անոնց հետ բանաւոր պայմանները համաձայնեցնելէ ետք:«Ալ-Քատիսիյա»ն համաձայնած է գործարկել Տիպալայի «Ռոմա»ի պայմանագրին 12 միլիոն եւրոյի ազատման կէտ, որ պիտի ստորագրէ երեք տարուան պայմանագրով եւ անոր դիմաց տարեկան պիտի վաստակի 15 միլիոն եւրօ: ·
- «Արսենալը» բանակցութիւններ կը վարէ Մերինոյի փոխանցման շուրջ
«Արսենալ» եւ «Ռէալ Սոսիետատ» ակումբները բանակցութիւններ կը վարեն սպանացի Միկէլ Մերինոյի հնարաւոր փոխանցման շուրջ: Կը հաղորդուի, որ սպանական ակումբը նախնական առաջարկ ստացած է «Զինագործներ»էն, սակայն Փրեմիեր լիկան կը շարունակէ վստահօրէն ձեռք բերել խաղացողը, որ կը փափաքի տեղափոխուիլ Անգլիա: ·
- «Շարլոթ» ֆութպոլային ակումբը այլեւս չի հետաքրքրուիր Ալմիրոնով
Ֆապրիցիօ Ռոմանօն կը յայտնէ, թէ «Շարլոթ» ֆութպոլային ակումբը հրաժարած է այս ամառ «Նիւ-Քեսըլ Եունայթըտ»էն Միկէլ Ալմիրօնը ձեռք բերելու գործարքէն: Ամերիկեան ակումբը ֆութպոլիստին հետ պայմանաւորուած էր անձնական պայմաններով, սակայն հետագային զգացած է, որ «Կաչաղակ»ներու պահանջքը չափազանց մեծ է իրենց համար։ ·
- Օսիմենը կը փափաքի տեղափոխուիլ «Չելսի»
«Չելսի»ի առասպելներ Տիտիէ Տրոկպան եւ Ճօն Օպի Միքէլը կապ հաստատած են «Նափոլիի» աստղ Վիքթոր Օսիմենի հետ՝ փորձելով համոզել զայն տեղափոխուելու «Սթամֆորտ պրիճ»: Օսիմենի ապագան ամառնային փոխանցումներու պատուհանի վերջին շաբաթներուն ընդառաջ կը շարունակէ մնալ շատ մը շահարկումներու առարկայ: ·
- «Լեյսթըր»ը մօտ է Լիվըրքուզէնէն Հլոզեքը ձեռք բերելուն
Անգլիոյ Փրեմիըր լիկայի նորեկ «Լեյսթըր Սիթին» մօտ է այս ամառ Լիվըրքուզէնի «Պայըր»էն Ատամ Հլոզեքը ձեռք բերելուն: «Աղուէսները» յարձակողին հետ պիտի կնքեն նախնական վարկային պայմանագիր՝ յաջորդ ամառ 20 միլիոն եւրոյով գնելու պարտաւորութեամբ: ·
- «Մանչեսթըր Եունայթըտ» եւ «Չելսի» պիտի ստուգեն Պրենտֆորթի վճռականութիւնը Թօնիի տեղափոխութեան հարցով
Կը խօսուի այն մասին, որ Փրեմիըր լիկայի հսկաներ «Չելսին» եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը կը մրցին ձեռք բերելու Իվան Թօնին, որուն գործող պայմանագրին ժամկէտը կը լրանայ 2025 թուականին, բայց ոչ մէկ ակումբ կը փափաքի վճարել անոր պահանջած գինը, որ սահմանուած է 60 միլիոն սթերլինկ, ըստ «Independent»-ին: