Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ 9 ԲԱԼԱՆՈՑ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՇԷՆՔԵՐՈՒՆ 45%-Ը ԽՈՑԵԼԻ ԵՆ

August 15, 2024
in Հայաստան
0
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ 9 ԲԱԼԱՆՈՑ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՇԷՆՔԵՐՈՒՆ 45%-Ը ԽՈՑԵԼԻ ԵՆ

Երեւանը սէյսմիկ վտանգի քարտէզին վրայ կը համարուի 9 բալանոց գօտի: Այդ մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Սէյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան տնօրէն Սօս Մարգարեանը, անդրադառնալով այն հարցին, թէ Երեւանի մէջ 9 բալանոց երկրաշարժի պարագային ի՞նչ հետեւանքներ կրնան ըլլալ:

«Խորհրդային միութեան տարիներուն Հայաստանի ամբողջ տարածքին համար սէյսմիկ վտանգը թերագնահատուած եղած է: Եթէ այսօր ունինք 8,9, 10 բալանոց գօտիներ, ԽՍՀՄ քարտէզին համապատասխան՝ ունէինք ընդամէնը 2 գօտի՝ 7 եւ 8 բալանոց: Այդ պատճառով կառուցապատումը իրականացուած է 7 եւ 8 բալերու համար: Պատճառը այդ է, երբ կ’ըսենք, որ ունինք բարձր սէյսմիկ վտանգ, շէնքերը խոցելի են, այսինքն  կառուցուած են աւելի ցած սէյսմիկ վտանգի համար, քան անրաժեշտ է: Եթէ ըլլայ 9 բալանոց երկրաշարժ, մենք պիտի ունենաք հետեւանքներ, քանի որ Երեւանը կը գտնուի 8 բալանոց գօտիին մէջ»,- ըսաւ ան:

Մարգարեան նշեց, որ Երեւանի մէջ կայ երկու խզուածք, որ կրնայ ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ:

«Առաջինը՝ երեւանեան  խզուածքն է, որ կը գտնուի քաղաքի հիւսիսարեւմտեան մասին մէջ, երկրորդը Գառնիի խզուածքն է: Այս երկու խզուածքներուն տարբերութիւնը իրենց կարողականութեան մէջ է: Երեւանի խզուածքին կարողականութիւնը համեմատաբար փոքր է Գառնիէն:

Երեւանը միլիոննոց բնակչութիւն ունեցող քաղաք է, տարբեր կարծիքներ կան, որ շատ զոհեր կ’ունենանք՝ մօտ 300.000, բայց եթէ զուգահեռ տանինք Թուրքիոյ միլիոննոց քաղաքին հետ, ուր  2023 թուականին երկարաշարժ եղաւ, պիտի տեսնենք զոհերու թիւին տարբերութիւնը: Պաշտօնական տուեալներով մօտ 50-60 հազար զոհ կար»,-ըսաւ Սէյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան տնօրէնը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Երեւանի մէջ շէնքերուն քանի տոկոսը ունի բարձր խոցելիութիւն, Մարգարեան նշեց. «Ամբողջ շէնքերը բնականաբար չեն փլիր, կան տարբեր խոցելիութեամբ շէնքեր: Երեւանի մէջ բարձր խոցելի են շէնքերուն 45 տոկոսը»:

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱՆԱԱՆ ԵՒՍ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

Next Post

ՀԱՊԿ-Ի «ՔՈՊԱԼԹ-2024» ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ ԵՆ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՐ

Next Post
ՀԱՊԿ-Ի «ՔՈՊԱԼԹ-2024» ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ ԵՆ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՐ

ՀԱՊԿ-Ի «ՔՈՊԱԼԹ-2024» ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ ԵՆ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.