Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՄԲԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

August 15, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՌՈՒՄԲԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

 

Զինադադարի սպասումով սակայն, Լիբանանի հարաւային շրջանները երէկ վերստին ականատես դարձան իսրայէլեան ծանր ռմբակոծութեան: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Մարժաայունի թիրախաւորումէն կայ երկու զոհ եւ չորս վիրաւոր, իսկ Պլիտայի ռմբակոծութեան պատճառով մահացած է մարդ մը: Սուր գաւառի Ապպասիէ շրջանը առաջնորդող ճամբուն թիրախաւորումէն վիրաւորուեցաւ առնուազն 17 լիբանանցի, սուրիացի եւ պաղեստինցի՝ ներառեալ կիներ, երեխաներ ու պատանիներ: Վիրաւորներուն մէկ մասը ստացաւ անհրաժեշտ բուժում եւ դուրս եկաւ հիւանդանոցէն, սակայն հինգ վիրաւորի վիճակը ծանր է: Իսկ Ռապ Սալասին գիւղի թիրախաւորումէն վիրաւորուեցաւ երկու մարդ: Իսրայէլեան հարուածները չխնայեցին նաեւ Հուլան եւ Պլիտան:

«MEA» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ 14-18 Օգոստոսի թռիչքներուն ժամանակացոյցը կը մնայ գրեթէ անփոփոխ, բացի որոշ թռիչքներէ: Իսկ Ֆրանսական «Air France» ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ այսօր պիտի վերսկսին Պէյրութ ուղղուող թռիչքները, որոնք առկախուած էին 29 Յուլիսէն ի վեր: Ըստ ընկերութեան, իրավիճակը ամէն օր պիտի ենթարկուի արժեւորումի՝ ի տես տարածաշրջանին մէջ տիրող անկայունութեան եւ վտանգներու առկայութեան: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ պիտի վերսկսին նաեւ ֆրանսական «Transavia» ընկերութեան թռիչքները:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՈԳԵԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

Next Post

  ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ

Next Post

  ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.