Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՀՈՇՔԹԱՅՆԻ ԵՒ ՏՈՀԱՅԻ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՄԲ

August 15, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՀՈՇՔԹԱՅՆԻ ԵՒ ՏՈՀԱՅԻ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՄԲ

 

Կազայի պատերազմին եւ Լիբանանի հարաւային առճակատումին վերջ տալու նպատակով, Տոհայի մէջ այսօր սկզբունքով կը սկսին խորհրդակցութիւններ՝ մասնակցութեամբ տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերու, թէեւ «Համաս» յայտարարած է, որ պիտի բացակայի նշեալ նիստերէն եւ միջնորդներուն հետ պիտի տեսակցի միայն երբ նորութիւն ըլլայ զինադադարին եւ գերիներու փոխանակումին հարցով: Տոհայի քննարկումներուն ներկայ պիտի ըլլան ամերիկեան CIA-ի տնօրէն Ուիլիամ Պըռնզ, Քաթարի վարչապետը, եգիպտական եւ իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւններու պետերը: Բանակցային նիստերու նախօրէին, ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն երէկ բարձրաստիճան տեսակցութիւններ ունեցաւ Պէյրութի մէջ՝ քննարկելու սահմանային դրութիւնը, Հըզպալլայի ենթադրեալ հակադարձութիւնը, վիճակը հանդարտեցնելու միջոցները եւ լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը: Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Հոքշթայնի հետ տեսակցութեան ընթացքին պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի վերջ տայ ոտնձգութիւններուն եւ սպառնալիքներուն, յիշեցնելով որ խնդիրին լուծումը կը կայանայ Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու  եւ 1701 բանաձեւը գործադրելու մէջ: Պըրրի կարծիք յայտնեց, որ Տոհայի մէջ այսօր սկսող բանակցութիւնը վերջին փամփուշտն է:

Հոքշթայն իր կարգին յայտնեց, որ գլխաւոր բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ աշխատանք կը տարուի առկայ խնդիրները դիւանագիտութեամբ լուծելու եւ 1701 բանաձեւը գործադրելու ուղղութեամբ: Ամերիկացի պատուիրակը յայտարարեց, թէ ոչ ոք կ’ուզէ պատերազմ տեսնել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եւ վստահութիւն յայտնեց, որ կարելի է յանգիլ դիւանագիտական լուծումի:

Հոքշթայնի տեսակցութիւններէն ետք Լիբանանի մէջ սփռուեցաւ որոշ լաւատեսութիւն՝ Կազայի մէջ զինադադարի յանգելու կապակցութեամբ, նկատի առնելով, որ ամերիկացի պատուիրակը պաշտօնատարներուն հետ խօսած է զինադադարի եւ հակամարտութեան ընդարձակումը կանխելու հարցով ամերիկեան պատրաստակամութեան մասին: Հոքշթայնի հետ տեսակցողները շօշափած են նաեւ Իսրայէլի վրայ ճնշելու ամերիկեան մտադրութիւն՝դադրեցնելու համար պատերազմը՝ Տոհայի մէջ այսօր սկսող բանակցութիւնները յաջողցնելու միջոցաւ, հակառակ առկայ բազում մարտահրաւէրներուն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւս կարծիք յայտնեց, որ Իրանն ու իր դաշնակիցները գուցէ յետս կոչեն Իսրայէլը հարուածելու ծրագիրը, եթէ զինադադար հաստատուի Կազայի մէջ եւ դադրի պատերազմը:

Հոքշթայնի ջանքերուն զուգահեռ, այսօր Պէյրութ պիտի ժամանէ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը եւ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ Միքաթիի, Պըրրիի եւ նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

վիրաւորուած՝ 2312: Նշենք, որ մահցողներուն մեծամասնութիւնը Հըզպալլայի անդամներ են:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Կազայի եւ Լիբանանի զոյգ ճակատներուն վրայ վիրաւորուած է 10.056 զինուոր, որոնց 37 առ հարիւրը ունի վերջոյթներու վնասուածք:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ, ՍԻՐԵԼԻ ՎԱՐՊԵՏ

Next Post

ՀՈԳԵԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

Next Post
ՀՈԳԵԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

ՀՈԳԵԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.