Շնորհակալութեամբ ստացայ ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆի «My Theatrical Journey» գիրքը, ուր հեղինակը մանրամասն անդրադարձած է իր տարիներու թատերական գործունէութեան փուլերուն։
Գիրքը անգլերէնով (150 Էջ) գրուած, մաքուր եւ թատերական նկարներով ճոխ հրատարակութիւն մըն է։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ
– Դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ եւ թատերագէտ է։ Ան իր թատերական առաջին քայլերը կ’առնէ Պէյրութի մէջ՝ Պերճ Ֆազլեանի ղեկավարած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին մէջ, դերեր ստանձնելով թատերախումբի հիմնադրութեան օրէն (1959) մինչեւ 1975 թուականը, դառնալով նաեւ նոյն խումբի բեմադրիչներէն մէկը։
– Գ. Սաթամեան բեմադրած է 80-է աւելի թատերախաղեր, բեմ բարձրացած է 90-է աւելի կերպարներով, նաեւ կատարած է 25-է աւելի փիեսներու թարգմանութիւններ։
– 1964-ին, Սաթամեան, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը աւարտելէ ետք (BA), կը մեկնի Անգլիա եւ կը մասնագիտանայ «London School of Film Technique» դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ «Bristol Old Vic Theatre School»ի մէջ ու կը վկայուի որպէս դերասան-բեմադրիչ։
– 1968-ին կը վերադառնայ Պէյրութ, կը ստանձնէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը, միեւնոյն ատեն կը պաշտօնավարէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս՝ որպէս թատրոնի դասախօս։ Նոյն շրջանին կը հիմնէ նաեւ ՀԵԸ-ի «Վ. Փափազեան» թատերախումբի «Թատերական դպրոց»ը ու կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն մէջ։
1967-1975 թուականներուն, Պէյրութի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբով, Գրիգոր Սաթամեան բեմադրած է «Ստախօսը», «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի», «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ», «Տիկնոջ հանգուցեալ մայրը», «Մթին կատակերգութիւն», «Փոխ վրէժ», «Մեծապատիւ մուրացկաններ», «Վարժապետին աղջիկը», «Ստահակի մը օրագիրը», «Սիրանօ Տը Պերժըրաք» եւ այլ գործեր։
– 1972-ին Սաթամեանը ՀԵԸ-ի «Վ. Փափազեան» թատերախումբը շրջապտոյտի կը տանի Հայաստան։ Խումբը այլ տարիներուն ելոյթներով հանդէս կու գայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Վալսի, Մարսէյի, Կիպրոսի եւ այլ բեմերու վրայ։
– 1976-ին Գ. Սաթամեան վերջնականօրէն կը մեկնի Ամերիկա, կ’աշխատի «Օֆ Պրոտուէյ»ի մէջ որպէս բեմադրիչ։
– 1977-ին Սաթամեան կը միանայ ՀԲԸՄ-ի անձնակազմին, հանդիսանալով Միութեան գեղարուեստական տնօրէնը, որմէ ետք կը հիմնէ զանազան թատերախումբեր՝ Տիթրոյթի, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Լոս Անճըլոսի եւ Պուենոս Այրէսի մէջ։
– Սաթամեան Ամերիկայի մէջ բեմադրած է 60-է աւելի թատերախաղեր, 3 օփերաներ, 6 «stand-up comedies», եւ յիշեցնենք, որ իր ղեկավարած ՀԲԸՄ-ի թատերախումբը իր անունով մկրտուած է («Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբ) եւ մինչեւ օրս խումբը ելոյթներ կ’ունենայ Ամերիկայի մէջ։
– Գ. Սաթամեան ունի պարգեւատրումներ՝
* 2011-ին, կը ստանայ «Armenian Diaspora Ministry’ s William Saroyan» մետալը։
* Նոյն տարին (2011) կը պարգեւատրուի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ «ոսկի» մետալով։
* Նոյն տարիներուն կը ստանայ Լոս Անճըլոսի «City Council Chambers»ի շքանշանը։
* 2018-ին ՀԲԸՄ-Ի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը կը պատուէ զինք իր 40 տարուայ թատերական գործունէութեան համար։
– Գ. Սաթամեան նկարահանուած է շատ ֆիլմերու մէջ։ Իր մասին բազմաթիւ գնահատական կարծիքներ կան հայ թէ օտար մամուլի էջերուն մէջ։
– Գրիգոր Սաթամեանը Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի եւ Վարուժան Խտըշեանի կողքին իր գնահատելի աշխատանքը տարած է ի նպաստ լիբանանահայ թատերական շարժումի վերելքին։
– Վարուժան Խտըշեանի եւ Գրիգոր Սաթամեանի Լոնտոնէն Պէյրութ վերադառնալէ ետք, լիբանանահայ թատերական շարժումը անկիւնադարձ մը ունեցաւ եւ սկսան բեմ բարձրանալ բոլորովին նոր ոճի եւ որակի թատերախաղեր։
Վարձքդ կատար, սիրելի ՎԱՐՊԵՏ Գրիգոր Սաթամեան։ Ես հպարտ եմ, որ հետդ բեմ բարձրացած եմ՝ քու քանի մը բեմադրութիւններուդ մէջ։ Քեզի կը մաղթեմ ուժ, առողջութիւն եւ ստեղծագործական կորով:
ՅԱՐԳԱՆՔՆԵՐՍ։
ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Պէյրութ, Օգոստոս 2024