Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ

August 10, 2024
in Մարզական
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ

 

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը բողոքարկած է Փարիզի ողիմպիական խաղերուն յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 98 քկ քաշային Արթուր Ալեքսանեանի աւարտական մրցամարտին վերաբերեալ, ուր Ալեքսանեանը մրցելով պրոնզէ մետալակիր, Աշխարհի ու Ասիայի ախոյեան, իրանցի Մոհամատհատի Սարաֆիի հետ, 1:4 արդիւնքով զիջած էր մրցակիցին՝ արժանանալով արծաթէ մետալի:

Ոլիմպիական խաղերու ոսկէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի եօթակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը յոյս յայտնած է, որ արդարութիւնը կը վերականգնուի: Լրագրողներուն հետ իր խօսքին մէջ Արթուր Ալեքսանեան կը պարզաբանէ. «Այստեղ եկած էի ոսկի մետալի համար, բայց բոլորդ տեսաք, թէ ինչ կատարուեցաւ մեր մրցամարտին ժամանակ: Դրուագներէն մէկուն մէջ իրանցի ըմբիշը երկու ոտքով գօտեմարտի տարածքէն լրիւ դուրս եկած էր, ես մարզիչներուն ըսի որ բողոքարկեն: Այդտեղ մէկ միաւոր պէտք էր ինծի տային, բայց փոխարէնը երկու միաւոր տուին իրանցի ըմբիշին, եւս մէկ միաւոր՝ բողոքարկելուս համար: Վստահ եմ՝ այդտեղ մէկ միաւորը ինծի պէտք է տային: Բնաւ լարուածութիւն չունէի, քանի որ սա իմ երրորդ աւարտականն էր եւ չորրորդ ողիմպիական խաղերը: Պարզապէս այսպիսի մրցաշարքերուն, այն ալ՝ աւարտականին, պարզ մանրուքներն անգամ կրնան լուրջ հարցեր լուծել»:

Արդեօք պիտի շարունակէ՞ իր մարզական ասպարէզը թէ՞ ոչ, Ալեքսանեան կը պատասխանէ՝ ըսելով. «Թէեւ մրցավարական կողմնակալութիւններն ու անարդարութիւնները հիասթափեցնող են, սակայն ինք որոշած է մնալ ըմբշամարտին մէջ: Ի դէպ, կողմնակալութեան այլ դէպքեր ալ արձանագրուեցան: Օրինակ Սլավիկ Գալստեանին հետ, մրցավարը անոր յաղթանակը արձանագրելէ ետք ինչ-ինչ պատճառներով գօտեմարտին արդիւնքը փոխուեցաւ եւ Սլավիկը մնաց առանց մետալի: Նոյնն է այսօր Արսէն Յարութիւնեանի պարագան: Այն համոզումը ունիմ, որ մեր հաւաքականին դէմ լարուածութիւն մը կայ: Գիտեմ, որ բողոքներ ներկայացուած են եւ յոյս ունիմ, որ արդարութիւնը կը վերականգնուի»:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԶ ՔԱՅԼԵՐ

Next Post

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Next Post

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.