Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԶ ՔԱՅԼԵՐ

August 10, 2024
in Յօդուածներ
0

 

Մեզմէ ո՞վ բնաւ հարց չէ տուած, չէ գանգատած որոշ ատեններ իր անբախտութենէն. մեզմէ ո՞վ չէ դժգոհած երջանկութիւն գտնելու դժուարութենէն:

Երջանկութիւն փնտռելու արշաւին ընթացքին մեզմէ շատեր թուլութիւն եւ տրտմութիւն զգացին, մինչ ուրիշներ իրենք իրենց փորձեցին համոզել այս տեսակի արտայայտութիւններով. «առողջութիւնս տեղն է, ունիմ տուն, ուրախ ընտանիք, լաւ բարեկամներ եւ գործ… ուրեմն, պէտք է որ երջանիկ զգամ»: Սակայն ուրիշներ որոշած են, որ «երջանկութիւնը արուեստ է» եւ զայն փնտռելու ուղին ինքնին երջանկութիւնն է:

Այսուհանդերձ, մեր կեանքին մէջ որոշ «պարզ եւ դրական փոփոխութիւններ» կրնան մեծ տարբերութիւն յառաջացնել:

1- Շատ խորունկ մի՛ փնտռեր.- Բարդ հարցումներուն պատասխան փնտռելու փոխարէն (ինչպէս՝ «ո՞վ եմ ես»), հիմնական հարցերով պէտք է սկսիս, ինչպէս քունի ժամդ եւ սննդականոնդ կարգաւորել: Այս երկու գործօնները մեծ ազդեցութիւն ունին երջանկութեանդ վրայ:

2- Վրդովմունքդ պահէ յաջորդ օրուան.- Մարդոց մեծամասնութիւնը կը փորձէ խնդիրները լուծել պատահած վայրկեանին, հետեւելով այս օրինակին. «Նեղութեամբ մի՛ քնանար»: Սակայն ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ «ջղայնութիւնը պարպել» հասկացողութիւնը դատարկաբանութիւն է, վստահեցնելով որ այդ կ’աւելցնէ մեր զգացած վրդովմունքը, մինչ յաջորդ օրուան յետաձգելը կը նպաստէ անոր թեթեւնալուն:

3- Նմանեցուր մինչեւ որ նմանիս.- Զգացումները կը յաջորդեն գործերուն: Եթէ տրտում կը զգաս, վարուիր կարծես ուրախ ես եւ այդպէս պիտի ըլլաս: Եթէ մէկը ջղայնացնէ քեզի, լաւ ձեւով վարուիր իր հետ եւ ջղայնութիւնդ պիտի անհետանայ: Փորձէ՛. սքանչելի կերպով գործնական ձեւ մըն է այս:

4- Օգտագործէ՛ ձախողութիւնը.- Մարտահրաւէրն ու վերանորոգումը հիմնական ազդակներն են երջանկութեան: Մեր ուղեղը կը ներգործէ անակնկալի ազդակին հետ եւ կու տայ գոհունակութեան զգացումը:

5- Ցաւերդ «նուէրներով» մի՛ բուժեր.- Այս տեսակի նուէրներուն հաճոյքը մէկ վայրկեան կը տեւէ, որմէ ետք, սակայն, յանցանքի կամ ցաւի զգացումը վերստին կը զգաս, անշուշտ տակաւին նկատի չառնելով այս միեւնոյն նուէրին բացասական հետեւանքները: Շատեր կրնան կարծել, թէ գաւաթ մը գինին ցաւը մոռցնել կու տայ: Կանգ ա՛ռ եւ հարց տուր դուն քեզի. «Գինին պիտի փոխէ՞ իրականութիւնը»:

 

(Շարունակելի)

«Երազ»

Share61Tweet38
Previous Post

«ԱՊՈՒ ՄԸԼՀԷՄ» ՄԸ Կ’ՈՒԶԵՆՔ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.