Ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութիւններու մասին եղած ուսումնասիրութիւնները եւ գրուած յօդուածները առհասարակ կը կեդրոնանան անչափահաս տարիքի մէջ գտնուող զաւակներու շուրջ: Այս կանուխ տարիքի շրջանը կարեւոր ըլլալով հանդերձ, հարկ է նկատի ունենալ նաեւ ծնողաց յարաբերութիւնները իրենց չափահասութեան հասած զաւակներուն հետ, որոնք կրնան ըլլալ ամուրի կամ ամուսնացեալ: Եթէ ծնողներ զաւակներու աճման շրջանի ամէն մէկ փուլին կատարած են իրենց պարտականութիւնները, եղած են աչալուրջ, զգաստ եւ ազդեցիկ, տուած են պէտք եղած խնամքն ու դաստիարակութիւնը, շատ վստահաբար զանոնք առաջնորդած են դէպի չափահասութիւն, պատասխանատուութեան լուրջ գիտակցութեամբ զինուած:
Չափահասութեան հասած զաւակներու հետ ամենաճիշդ վերաբերմունքը կրնայ ըլլալ անոնց հետ մշակուած հասուն բարեկամութիւնը: Բարեկամներ կը յարաբերին իրարու հետ հաւասարէ-հաւասար մակարդակով։ Այդ եւս կ’ակնկալուի ծնողներու մօտեցումին մեջ, որքան ալ դժուար ըլլալ զայն գործադրելը: Դժուար է ծնողաց համար ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ իրենց փոքրիկները արդէն հասուն անձեր դարձած են եւ կարող են ճիշդ տրամաբանել, անկախ ծնողքէն որոշումներ կայացնել իրենց մասնագիտութեան, ասպարէզին, ընկերային եւ ամուսնական կեանքին վերաբերեալ։
Զաւակներու հետ հասուն յարաբերութիւն մշակելու միջոցներէն մէկն է մտիկ ընել իրենց տեսակէտերը, հետեւիլ անոնց տրամաբանութեան, գիտակցիլ այն դրդապատճառներուն, որոնք զիրենք առաջնորդած են տուեալ որոշումները կայացնելու։ Փոխանակ քննադատելու եւ պախարակելու զաւակները, հարցեր տալու են անհասկնալի թուացող երեւոյթներու մասին, ու մտիկ ընելու անոնց պատասխանները։ Եթէ կան դրական կէտեր, զանոնք քաջալերելու է եւ թելադրութիւնները այդ ուղղութեամբ զարգացնելու է։
Ամուսնական ընտրութեան պարագան շատ լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ ընտանիքներու կեանքին մէջ։ Կան պարագաներ, ուր զաւակը կը սխալի հապճեպ որոշում մը կայացնելով իր ապագայ կնոջ կամ ամուսինի ընտրութեան մէջ։ Եթէ մեր հասկցած ձեւով հասունութեան հասած երիտասարդ է, կամ երիտասարդուհի, շատ հաւանաբար ընտրութիւնը ճիշդ է։ Կան ծնողներ, որոնք իրենց յատուկ պատկերացումը ունին իրենց ապագայ փեսային կամ հարսին նկատմամբ ու եթէ տուեալ թեկնածուն չի լրացներ իրենց պայմանները, կը դառնայ մերժելի։ Կը սկսին քաշքշուքներն ու վէճերը եւ անհասկացողութիւնները, ընտանիքը վերածելով անբաղձալի վայրի մը: Եթէ ի վերջոյ կարելի կ’ըլլայ եզրակացութեան մը յանգիլ եւ ամուսնութիւնը տեղի կ’ունենայ, հոն կը սկսի ծնողներու առողջ դերակատարութիւնը, ընդունելով իրենց զաւակի ամուսինի կամ կնոջ ընտրութիւնը։ Ատկէ ետք կը մնայ սիրալիր յարաբերութիւն, փոխադարձ յարգանք, իրար հասկացողութիւն։
Այցելութիւններն ու հեռաձայնները նաեւ կը կարօտին սեղմումներու: Շատ յաճախակիօրէն տրուած այցելութիւնները այնքան ալ փնտռուած երեւոյթներ չեն: Երբ զոր օրինակ փոքրիկներու դաս սորվելու պահն է, անյարմար է հիւր ընդունիլը, նոյնիսկ եթէ անոնք ծնողներ ըլլան։ Տրամաբանական եւ սահմանափակ թիւով տրուած այցելութիւնները միշտ աւելի կը գնահատուին։ Երիտասարդ զոյգն ու ընտանիքը իրենց աշխարհը ունին եւ պէտք չէ զայն խանգարել անտեղի եւ անժամանակ այցելութիւններով: Հեռաձայնային խօսակցութիւններն ալ չափաւորութիւն մը պէտք է պահեն:
Ծնողներ կան, որոնք զաւակները իրենց ստացուածքը կը նկատեն, ուստի կը խանգարեն ամուսնացեալ զոյգին անդորրութիւնը։ Ոչ կինը եւ ոչ ալ ամուսինը կը հանդուրժեն, որ ամուսնացեալ զոյգը պատկանի իր ծնողքին, ստեղծուած դժուարութիւնները նման մօտեցումէ մը, կը քայքայեն այր ու կնոջ փոխյարաբերութիւնները: Անտեղի կերպով կատարուող պաշտպանութիւն կամ քննադատութիւն ծնողաց կողմէ իրենց զաւկին, կը բարդացնէ վիճակը։ Զոյգերը իրենք որոշելու են իրենց կեանքի ուղին։ Եթե ծնողք ըսելիքներ ունին իրենց զաւկին, այդ ընելու են առանձին, առանց վիրաւորելու զոյգին միւս անդամը։
Երբ ընտանիքները կը մէկտեղուին տօնական օրերու, ծննդեան եւ ամուսնութեան տարեդարձներու առիթով, ծնողներ մեծ դեր ունին կատարելիք այդ ընտանիքներուն մէջ՝ սէր սերմանելու, բոլորին հաւասար կերպով յարգանք ընելու, փոքրիկներու մէջ զանազանութիւն չդնելու, մանաւանդ նուէրները հաւասար արժէքով բաժնելու թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ փոքրերուն։ Որեւէ շեղում այդ սկզբունքէն տուն կու տայ խռովութեանց եւ անհասկացողութեանց։
Հօրենական եւ մօրենական օճախը երբ դատարկուած է զաւակներէ՝ անոնց ամուսնութեան պատճառաւ, փորձութիւնը կայ ծնողներու համար իրենց հետաքրքրութեան միակ առարկան դարձնել իրենց ամուսնացեալ զաւակներուն կեանքը։ Այր ու կին տարիներու ընթացքին հասարակաց հետաքրքրութիւններ մշակած ըլլալու են, որպէսզի կարենան ունենալ իրենց անկախ եւ առանձին կեանքը, իրենց զաւակներու տունէն հեռացումէն առաջ։ Ծնողաց մնայուն ներկայութիւնը զաւկի ընտանիքէն ներս կը խանգարէ երիտասարդներու կեանքին հեզասահ ընթացքը։ Նոյնիսկ եթէ զոյգէն մէկը մահացած է եւ ծնողը առանձին է, կրկին անգամ ան իրեն յատուկ զբաղումներ եւ ընկերային շրջանակ ստեղծելու է, որպէսզի զգացական բեռ մը չի դառնայ իր ամուսնացեալ զաւակներուն։ Զաւակներ անշուշտ թէ իրենց կարելին կ’ընեն տուեալ ծնողը ուրախ եւ գոհունակ պահելու, սակայն ծնողի կողմէ ալ նախաձեռնութիւն մը պէտք է վերցուի հարցերը դիւրացնելու համար: Նման պարագաներուն թոռնիկներու դերը մեծ է։ Ծնողք առաջարկելու են թոռնիկները իրենց մօտ պահել, երիտասարդ ծնողաց գիշերային ծրագրերուն օժանդակելու միտումով: Նաեւ անոնց ճամբորդութիւններուն կամ ընկերային այլազան ձեռնարկներու ընթացքին փոքրիկներու հոգատարութիւնը ապահովելով։ Ատիկա մեծ ծառայութիւն է եւ ծնողաց համար գերագոյն երջանկութիւն:
Ծնողներու կողմէ եղած գնահատական արտայայտութիւնները իրենց զաւակներու նկատմամբ, դրական եւ շինիչ ներդրում մըն են ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններուն վրայ: Թէ՛ բերանացի ըսուած խօսքերը եւ թէ՛ գրութեամբ մը արտայայտուած զգացումները կ’ոգեւորեն երիտասարդ զոյգերը: Ծննդեան կամ ամուսնութեան տարեդարձներու յիշատակումը՝ սրտաբուխ նուէրով մը, գեղեցիկ սովորութիւններ են եւ ենթակային հոգին կը շոյեն: Որեւէ յաջողութենէ մը կամ մրցանակի մը տիրացումէն ետք եղած գնահատականը, տրուած ուշադրութիւնը եւ եղած արժեւորումը կը ստեղծեն սիրոյ տաքուկ մթնոլորտ մը ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ։ Այս երեւոյթները յաճախ կրկնուելու են, որպէսզի ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութիւնները միշտ մնան բաղձալի մակարդակի վրայ, օրինակ դառնալով տարբեր ընտանիքներու։ Ընտանիքը հիմքը կը կազմէ մարդկային ամենախորունկ զգացական աշխարհին եւ աղբիւրն է ընտանիքի անդամներու երջանկութեան:
ԾԱՆՕԹ: Այս յոյժ շահեկան եւ անժամանցելի յօդուածը յապաւումներով քաղած ենք, կրթական մշակ, դասախօս, գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Ազատուհի Սիմոնեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» գիրքէն: