Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐՏԵԱՆԻ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՆՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵՑԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ

August 10, 2024
in Հայաստան
0
ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐՏԵԱՆԻ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՆՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵՑԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ

 

AM իրաւաբանական ընկերութեան փաստաբան, հաշտարար Վանիկ Մարգարեանը, 2023 թուականին մասնակցելով ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած «Մտաւոր սեփականութիւնը մշակոյթի ոլորտին մէջ» աշխատաժողին, Ռուբէն Հախվերտեանի հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած էր վերջինիս հանրայայտ շարք մը ձայնագրութիւններու նկատմամբ իրաւունքներու հետ կապուած խնդիրին, ինչի հետեւանքով մեծանուն հայ երգիչն ու հեղինակը հնարաւորութիւն չունէր առցանց հարթակներու վրայ (Spotify, Apple music եւ այլ) տեղադրել իր իսկ երգերը։

Պարզուած էր, որ 1990-ականներուն Ռուբէն Հախվերտեանը իր ձայնասկաւառակները ԱՄՆ-ի մէջ վաճառելու նպատակով անգլերէնով փաստաթուղթ ստորագրած էր՝ չտեղեկանալով, որ այդ փաստաթուղթին համաձայն ձայնագրութիւններուն նկատմամբ բոլոր իրաւունքները, այդ շարքին՝ ապագային հնարաւոր օգտագործման եղանակներով, կը փոխանցուին ձայնագրութիւններուն վաճառքով զբաղող ընկերութեան եւ այդ ընկերութիւնը իր անունով արձանագրած էր իրաւունքները ԱՄՆ-ի մէջ։

AM իրաւաբանական ընկերութեան Pro bono ծրագրի շրջանակներուն մէջ Վանիկ Մարգարեանը անվճար ստանձնեց Ռուբէն Հախվերտեանի շահերուն պաշտպանութիւնը՝ բանակցութիւններ սկսելով իրաւունքները իր անուամբ արձանագրած ամերիկեան ընկերութեան հետ։ Երկարատեւ իրաւական գրագրութեան ու բանակցութիւններու շնորհիւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր, որով ձայնագրութիւններուն նկատմամբ իրաւունքները վերադարձուեցան Ռուբէն Հախվերտեանին, ներառեալ հանրայայտ «Ճակատագիր» (1994), «Կէսգիշեր» (1997), «Սա Երեւանն է» (1997) ալպոմները։

Share61Tweet38
Previous Post

ՅՈՒԼԻՍԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՇՈՒՐՋ 237 ՀԱԶԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Next Post

ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԽՈՀԱՆՈՑԸ

Next Post
ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԽՈՀԱՆՈՑԸ

ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԽՈՀԱՆՈՑԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.