Գանատան պիտի շարունակէ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու բանակցային միջոցներով Հայաստանի հետ հակամարտութեան հանգուցալուծման:
Այս մասին յայտնսծ է Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ճոլին՝ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին:
«Գանատան պիտի շարունակէ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու բանակցային, խաղաղ, քաղաքական միջոցներով Հայաստանի հետ հակամարտութեան հանգուցալուծման՝ յարգելով Հելսինքեան սկզբունքները, ազատ արձակելով կամայական պահուող հայ գերիները, յարգելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զերծ մնալով ուժի կիրառումէ եւ սպառնալից հռետորաբանութենէ»,- նշած է նախարարը: