Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՐԻԶԻ 17-ՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԱԾ Է ԸՄԲԻՇՆԵՐ ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԸ ԵՒ ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆԸ

August 10, 2024
in Միջազգային
0
ՓԱՐԻԶԻ 17-ՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԱԾ Է ԸՄԲԻՇՆԵՐ ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԸ ԵՒ ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆԸ

 

Փարիզի 17-րդ շրջանի քաղաքապետ Ժոֆղուա Պուլարը քաղաքային այգին մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի անդամներ, Ողիմպիական խաղերու մետալակիր ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը եւ Մալխաս Ամոյեանը:

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան անդամներ, բազմաթիւ երկրպագուներ:

Ողջունելով մարզիկները, Փարիզի 17-րդ շրջանի քաղաքապետը շնորհաւորած է զանոնք Փարիզ-2024-ին ունեցած տպաւորիչ մրցելոյթներուն եւ նուաճած մետալներուն առթիւ: Ժոֆղուա Պուլարը ընդգծած է՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները մշտապէս առանձնացած են ջերմութեամբ ու բարեկամութեամբ:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ սրտացաւ վերաբերմունքին համար: Կարէն Գիլոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը խաղերու ամբողջ ընթացքին կը զգայ թէ՛ Փարիզի իշխանութիւններուն, թէ՛ ֆրանսացի ժողովուրդին աջակցութիւնն ու բարեկամական վերաբերմունքը:

Փարիզի Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանն ու պրոնզէ մետալակիր Մալխաս Ամոյեանը եւս շնորհակալութիւն յայտնած են հիւրընկալութեան եւ երկրպագութեան համար: Ներկաները ողջունած է նաեւ Ֆրանսայիմ էջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը:

Այնուհետեւ, հայ մարզիկները լուսանկարուած են Փարիզի 17-րդ շրջանի քաղաքային այգին մէջ հաւաքուած երկրպագուներուն հետ, ինքնագրեր բաժնած են անոնց:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆՆ ՈՒ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺԸ ԶԱՅՆ ԳՐԱՒԻՉ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՊՐԻՔՍ-Ի ԵՒ ՇՀԿ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ․ ՄԱՔՍԻՄ ՔՈՒԶՆԵՑՈՎ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺԸ ԶԱՅՆ ԳՐԱՒԻՉ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՊՐԻՔՍ-Ի ԵՒ ՇՀԿ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ․ ՄԱՔՍԻՄ ՔՈՒԶՆԵՑՈՎ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺԸ ԶԱՅՆ ԳՐԱՒԻՉ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՊՐԻՔՍ-Ի ԵՒ ՇՀԿ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ․ ՄԱՔՍԻՄ ՔՈՒԶՆԵՑՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.