Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ չորս զինուոր վիրաւորուած է՝ երկրի կեդրոնական հատուածի զինուորական դիրքերուն ուղղութեամբ իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով: Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ հրթիռներով թիրախաւորեց Հոմսի Շուայրաթ շրջանի օդակայանն ու զինուորական կուտակումները: