Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԸ

August 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0
ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԸ

Պո՜ւմ ….

  • Աղջիկս մի՛ վախնար, ձայնի պատ է, ժիտար, ժիտար:

=  Ու անմեղ երեխան կծկուած, ամբողջ մարմնով կը դողայ, քիչ առաջուան օդանաւին սարսափելի ձայնի պայթունէն:

  • Մամա, պապային ըսէ, թող գայ, հիմա նորէն ռումբ կը նետեն:

= Ո՛չ ձագուկս, ոչ: Ասի օդանաւին ձայնն է: Դուն հոգ մի՛ ըներ: Ասի ռումբի ձայն չէ:

  • Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «ձայնի պատ», մամա:

Վերջին քանի մը օրերուն Լիբանանի՝ յատկապէս Պէյրութի եւ լեռնալիբանանի բնակիչները սկսան վերապրիլ մօտ 15 – 20 տարիներէ մոռցուած՝ «ձայնի պատ»ի սարսափազդու երեւոյթը: Եթէ նախկին երիտասարդ սերունդին համար օդանաւերուն հետ ուղեկցուող ձայնային պայթունը առօրեային մաս կազմող բնական բան մըն էր, սակայն նոր սերունդին՝ մինչեւ 20 տարեկան մանուկներուն ու պատանիներուն համար նորութիւն է յատկապէս երկրին մէջ պատերազմական մթնոլորտին մասին տարածուող ամենօրեայ շշուկներուն լոյսին տակ:

Բայց ի վերջոյ ի՞նչ կը նշանակէ «ձայնի պատ» կամ արաբերէնով՝ «ժիտար էլ սոթ»ը: Արդեօք երկինքին մէջ անտեսանելի պա՞տ կայ, որ օդանաւերը զառնուելով վախնալիք ձայները մեզի կը փոխանցեն: Ուրտեղէ՞ն յառաջացած է այս դարձուածքը կամ ինչպիսի՞ երեւոյթի մը կրճատուած եւ ժողովրդային խօսակցականին յարմարցուած բառն է: Ճիշդ է, որ մենք, փորձառուներս աւելի գիտակ ենք զանազանելու նման ձայները ռումբերէն կամ պայթուցիկներէն, սակայն չենք գիտեր, ոչ ալ կը փափաքինք «գլուխնիս յոգնեցնել» գիտական բառերով բացատրուած «ձայնի պատ»ին լուսաբանութեան մասին:

Փորձենք բացատրել բոլորին համար հասկնալի պարզութեամբ:

Ա- Տեղեկութիւններ առագութեան մասին

1) Ինչպէս ինքնաշարժները, մարզիկները, կենդանիները եւ այլն՝ նոյնպէս ալ լոյսն ու ձայնը ունին առագութիւն:

– Լոյսի առագութիւնը  մէկ երկվայրկանի մէջ 300,000 քիլոմէթր է: Այսինքն երկիրէն արձակուած լոյսը միայն մէկ երկվայրկեան ետք լուսին կը հասնի:

– Ձայնի առագութիւնը լոյսէն համեմատաբար շատ փոքր է՝ մէկ երկվայրկեանի մէջ 342 մեթր: Կամ՝ 1230 քիլոմեթր 1 ժամուան ընթացքին:

– Այս է պատճառը, որ սեպենք թէ հեռուն ռումբ մը պայթի, մենք անմիջապէս կը տեսնենք անոր լոյսը, իսկ ձայնը՝ մի քանի երկվայրկան յետոյ կը հասնի մեր ականջին:

Բ-  Ի՞նչ է «Sonic boom»-ը կամ ժողովրդային լեզուով՝ «ձայնի պատը»:

– Եթէ որեւէ առարկայ մը, սեպենք՝ օդանաւը, ձայնի առագութենէն աւելի առագ ընթանայ, շարժման հետ ստեղծած ի՛ր ձայնի ալիքները կուտակուելով մեզի կը հասնին որպէս պայթունի ձայն: Այսինքն, օրինակի համար, եթէ թշնամի օդանաւորդին հրահանգուած է X շրջանի մը ժողովուրդը վախցնել, ան իր սաւառնակին առագութիւնը X շրջանին վրայ 1230-էն կ’աւելցնէ հասցնելով ժամական 1250քմ, 1300քմ, կամ աւելի, իսկ X շրջանի եւ շրջակայ բնակիչները ռումբի պայթունէն աւելի սոսկալի ձայն կը լսեն:

Գ-  Բայց ին՞չ կապ կայ այս պայթունի ձայնին եւ «պատ»ին միջեւ:

 

– Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, պատերազմական օդանաւերու արդիականանալցման հետ, անոնց առագութիւնն ալ բազմապատկուեցաւ: Եւ երբ անոնք մօտեցան ձայնի առագութեան սահմանին, նկատուեցաւ որ թռիչքի ընթացքին ինչ որ պահ մը օդանաւերէն ոմանք ճզմուեցան եւ անգործութեան մատնուեցան: Օդանաւորդները կը հաղորդէին՝ օդին մէջ անտեսանելի «պատ»ի մը հետ զարնուելու մասին տեղեկութիւններ: Յետագային այդ «պատ»ը ընդհանրացաւ մեր խօսակցութեան մէջ առնելով «ձայնի պատ» կամ տեղական՝ «ժիտար էլ սոթ» իմաստները:

Դ) Մարդու կեանքին վտանգ կը սպառնա՞յ այս վախազդու երեւոյթը:

– Մինչեւ այսօր, «ձայնի պատ»-էն ոչ մէկը մահացած է, սակայն ամէն մէկ «ժիտար»-էն ետք հազարաւոր անձեր ունեցած են սրտի տագնապներ (heart attack), ջիղերու խանգառումներ, ճնշման բարձրացում, եւ այլն:

Նազօ Ճ.

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՄԱՍԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՍԱՅՏԱ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՄԱՍԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՍԱՅՏԱ

ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՄԱՍԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՍԱՅՏԱ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.