Ռուսիոյ զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Վալերի Քերասիմով նախագահ Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուց, թէ շուրջ 1500 զինուորէ բաղկացած զօրախումբ մը սահմանը հատած է եւ յառաջացած է ռուսական Քուրսք նահանգին ուղղութեամբ՝ ռուսական հող գրաւելու նպատակով: Քերասիմով շեշտեց, որ ռուսական ուժերը ետ մղած են ներթափանցող ուքրանացիները եւ միջադէպը աւարտած է ուքրանական կողմի պարտութեամբ: Ռուսական լրատուամիջոցներ մինչ այդ հաղորդեցին, որ գործողութեան ընթացքին մահացած կամ վիրաւորուած է 315 ուքրանացի զինուոր: Յարձակողները նաեւ կորսնցուցած են 54 զրահապատ մեքենայ՝ ներառեալ 7 հրասայլ: