Երէկ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան կատարեց իր սահմանադրական երդումը ստանձնելու համար պաշտօնը: Ան իր ճառին մէջ հաստատեց, որ Իրան իր յարաբերութիւնը պիտի զարգացնէ շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ՝ տրամաբանութիւնը եւ երկկողմանի շահերը օգտագործելով: Կառավարութիւնը պիտի ըլլայ միացեալ եւ պիտի գործադրէ առաջնորդին ցուցմունքները: Ան աւելցուց, որ Կազայի մէջ երեխայ սպաննողները չեն կրնար դասեր տալ Իրանին մարդկային իրաւունքի հարցին մէջ: Իրան պիտի օժանդակէ, որ պաղեստինցի ժողովուրդը փրկուի գրաւումէն: