Միջազգային տնտեսական վարկաւորումի «Ֆիչ» ընկերութիւնը Լիբանանի վարկաւորումը պահած է նոյնը՝ (RD), այսինքն «սահմանափակ անվճարելի»: Այս վարկաւորումը կը տրուի այն երկիրներուն, որոնք չեն կրցած պարտքի տոկոսը վճարել ժամանակին: Կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ այսուհետեւ պիտի չհրապարակէ Լիբանանի մասին որեւէ վարկաւորում, որովհետեւ բաւարար տեղեկութիւն չունի երկրի տնտեսական վիճակին մասին: