Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը յայտարարեց, թէ պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած «Շապաք»ի ղեկավարէն ու բանակի սպաներէ, պիտի մեկնի Գահիրէ պաղեստինեան կողմին հետ անուղղակի բանակցութիւնները շարունակելու համար, լուծելու համար Կազայի մէջ զինադադարի ու գերիներու ազատ արձակումի հարցերը: «Մոսատ»ի ղեկավարը նոր վերադարձաւ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայէն, քննարկելէ ետք նոյն հարցերը: