Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹԻՖԼԻՍԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԸ Կ՛ԱՋԱԿՑԻՆ ԻՐԱՐ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹՅԱՆ. ԸՍԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

July 5, 2024
in Հայաստան
0
ԹԻՖԼԻՍԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԸ Կ՛ԱՋԱԿՑԻՆ ԻՐԱՐ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹՅԱՆ.  ԸՍԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

 

Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին յայտնած է, որ Թիֆլիսն ու Երեւանը մեծապէս կ՛աջակցին եւ կը յարգեն իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

Վրացի պաշտօնեան այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

Վրացի նախարարը նշած է, որ Երեւանն ու Թիֆլիսը ունին առանձնայատուկ բարեկամական եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ, որոնք երկար դարերու պատմութիւն ունին։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Արարատ Միրզոյեանի այցը Վրաստան նոր լիցք կը հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն։

«Հարկ է նշել, որ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագրի ստորագրմամբ՝ մեր երկկողմ համագործակցութիւնը որակապէս նոր մակարդակի անցած է։ Այս նոր փուլը շրջադարձային էր մեր բազմակողմ համագործակցութեան մէջ»,- ընդգծած է Տարչիաշվիլին։

Վերջինս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է հայ գործընկերոջը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին ընդունած բանաձեւին կողմ քուէարկելու համար, որ կը հաստատէ բոլոր ներքին տեղահանուածներուն, փախստականներուն՝ Ապխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա վերադառնալու իրաւունքը։

«Վրաստանը եւ Հայաստանը մեծապէս կ՛աջակցին եւ կը յարգեն իրար տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»,- իր խօսքին մէջ ընդգծած է Վրաստանի արտաքին գործերու նախարարը՝ տեղեկացնելով, որ հայ գործընկերոջ հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր։

Ան յաւելած է, որ Հայաստանը Վրաստանի առեւտրային գործընկերներու տասնեակին մէջ է, իսկ զբօսաշրջութեան առումով՝ եռեակին մէջ։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆՈՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ Կ՛ԱՇԽԱՏԻ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ, ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՓՈՒԼ ՄՏԱԾ Է

Next Post

ԵՄ ԴԵՍՊԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՉԷ, ԱՅՆ ՇԱՀԵԿԱՆ Է ՆԱԵՒ ՎԵՐՋԻՆՆԵՐՈՒՍ ՀԱՄԱՐ» 

Next Post
ԵՄ ԴԵՍՊԱՆ.  «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՉԷ, ԱՅՆ ՇԱՀԵԿԱՆ Է ՆԱԵՒ ՎԵՐՋԻՆՆԵՐՈՒՍ ՀԱՄԱՐ» 

ԵՄ ԴԵՍՊԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՉԷ, ԱՅՆ ՇԱՀԵԿԱՆ Է ՆԱԵՒ ՎԵՐՋԻՆՆԵՐՈՒՍ ՀԱՄԱՐ» 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.