Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆ ՈՒ ԱՄՆ ԿՈՆԳՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԲԵՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԱՊԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ

July 5, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆ ՈՒ ԱՄՆ ԿՈՆԳՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԲԵՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԱՊԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած գոնկրէսական պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է գոնկրէսականներուն այցը Հայաստան եւ գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու յարաշարժ զարգացման բնոյթէն: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի կայացման կարեւորութիւնը եւ համոզմունք յայտնած, որ երկկողմ համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ զարգանալ ու ամրապնդուիլ: Վարչապետը նշած է, որ ԱՄՆ արդիւնաւէտ աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջմղման՝ յաւելելով, որ ՀՀ կառավարութեան համար ժողովրդավարութեան զարգացումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն:

Զրուցակիցները կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ այլ ուղղութիւններով կապերու ընդլայնումն ու խորացումը, եւ այդ առումով ընդգծած են միջկառավարական ու միջխորհրդարանական աշխոյժ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, փտածութեան դէմ պայքարին ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան քայլերուն: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ տեղի ունեցող քննարկումներուն, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԻՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆՈՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ Կ՛ԱՇԽԱՏԻ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ, ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՓՈՒԼ ՄՏԱԾ Է

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆՈՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ Կ՛ԱՇԽԱՏԻ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ, ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՓՈՒԼ ՄՏԱԾ Է

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆՈՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ Կ՛ԱՇԽԱՏԻ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ, ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՓՈՒԼ ՄՏԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.