11 Մարտ 2016 թուականին, Արաբական լիկան Հըզպալլան յայտարարեց ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Երկու օր առաջ Արաբական լիկայի փոխընդհանուր քարտուղար Հուսամ Զաքի յայտարարեց, թէ Լիկան այսուհետեւ Հըզպալլան չի նկատեր ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Վերլուծողներ այս քայլը կը համարեն մէկ կողմէ յարաբերութեան բարելաւում Իրանի հետ եւ պատրաստութիւն Լիկային կողմէ Լիբանանի մէջ դրական դեր կատարելու: Սուրիոյ հետ յարաբերութեան բարելաւումը նաեւ ունեցաւ իր դրական դերը այս քայլին մէջ: