Իսրայէլեան «Ետիյոթ Ահարոնոթ» օրաթերթը հրապարակեց տեղեկագիր մը հիւսիսային Իսրայէլի շրջանին կրած վնասին մասին: Օրաթերթը յայտարարեց, թէ վնաս կայ 130 բնակավայրի մէջ: 1023 շէնք վնասուած է ռմբակոծումէն: Վնասուած են շէնքեր «Քրիաթ Շմոնա», «Մանարա», «Մթըլլէ», «Շլոմի» եւ «Արապ Ալ Արամիշա» բնակավայրերուն մէջ: Վնասները կը տարուբերին հիմնական կործանումի եւ մեծ վնասի միջեւ: