ԼԻԲԱՆԱՆ
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐԶՈՒՄ
Երբ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամէն (IMF) պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանան, ան ժողով գումարեց կարգ մը դրամատուներու տնօրէններուն հետ՝ քննարկելու համար դրամատնային համակարգի կայուն աշխատանքի վերադառնալու պայմանները: Ժողովի ընթացքին կատարուած քննարկումի աւարտին, կողմերը համաձայնեցան, թէ երկրին դիմագրաւած դրամատնային համակարգի տագնապը առնչուած է համակարգին հետ, որովհետեւ այն կառավարութեան պիւտճէի բացը, որ կը գոցուէր Կեդրոնական դրամատան կողմէ դրամատուներէն դրամ փոխ առնելով, հիմնական պատճառն է դրամատուներու տագնապին: Լուծումը պէտք է ըլլայ օժանդակել դրամատուներու հատուածին, որ վերականգնին ու լուծումին ամբողջ բեռը չդնել դրամատուներու ուսերուն վրայ, այլ օժանդակել լուծումին:
Թրիփոլիի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան սենեակի տնօրէնը դրուատեց «Իրատա» կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը կը բաղկանայ կին եւ այր գործարարներէ, որոնք կը մարզեն երիտասարդներ փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ լաւ վճարուող պաշտօններ ստանձնելու համար «Խուպուրաթ» ծրագրի ընդմէջէն: Օրինակելի ձեռնարկ մը, որ օրինակ պէտք է ծառայէ բոլորին՝ երկիրը տնտեսական տագնապէն դուրս հանելու համար:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ
ԱՂԷՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՒՄ
Բնական աղէտը որ հարուածեց Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային Լոռի եւ Տաւուշ մարզերը մեծ վնաս հասցուց այդ շրջաններուն: Կառավարութիւնը, նկատելով աղէտին ահաւորութիւնը, դիմեց պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ օժանդակելու համար վերականգնումին: Չորս անձեր զոհուեցան եւ յորդած գետերը մեծ վնաս հասցուցին: Կառավարութիւնը ցարդ 300 միլիոն դրամ կամ 775 հազար ԱՄՆ տոլար տրամադրած է աղէտի գօտիին: Ամենամեծ վնասը հասած է ճամբաներու ենթակառուցուածքին: 20 կամուրջներ մասամբ կամ ամբողջովին վնասուած են: Այս մարզին մէջ կը պահանջուի օժանդակութիւն: Փուլ եկած կամուրջներէն մէկը Ախթալա գիւղաքաղաքը եւ շրջակայ վեց գիւղեր կը կապէ երկրի մնացեալ մասին: Ներկայիս այդ շրջանը կտրուած է Հայաստանէն: Պարէնը կը հասնի շրջակայ անտառի մը ճամբաներով:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռած էր, թէ Արցախի բնակչութիւնը իրաւունք ունի վերադառնալու իր հայրենիքը՝ Արցախ: Սակայն, Ատրպէյճան վստահելով թէ որեւէ ուժ, շրջանային թէ միջազգային, իրմէ հաշիւ պիտի չպահանջէ, ներկայիս կը շարունակէ հայերու կառուցած շէնքերու եւ յուշարձաններու կործանումը: Ինչ որ կրնայ փլել, կը փլէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը: Անտառի օրէնքը կը գործէ այդ պետութեան մէջ, անգամ մը եւս փաստելով, որ իրաւունքը զօրաւորինն է եւ թոյլատու քաղաքականութիւնը կը հասցնէ այս արդիւնքին:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ՊԱՂԵՍՏԻՆ
Թուրքիա դադրեցուց առեւտուրը Իսրայէլի հետ, բողոքելով Կազայի մէջ անոր վարած քաղաքականութեան դէմ: Մայիս ամսուան ընթացքին առեւտուրի ծաւալը երկու երկիրներուն միջեւ նուազեցաւ 99 առ հարիւր համեմատութեամբ, հասնելով 4,4 միլիոն ԱՄՆ տոլարի: 2023 թուականին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը 6,8 միլիառ ԱՄՆ տոլար էր: Այս ծաւալին 76 առ հարիւրը թրքական արտածումն էր դէպի Իսրայէլ: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ իսլամական աշխարհին կոչ ուղղած էր իր կապերը խզելու համար Իսրայէլի հետ մինչեւ որ զինադադար հաստատուի Կազայի մէջ: Սակայն, այս քաղաքականութիւնը ինչ վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիոյ, ցոյց պիտի տան գալիք օրերը, որովհետեւ Թուրքիա շրջանին մէջ պարզ պետութիւն մը չէ, այլ Արեւմուտքի կողմէ իրեն դեր տրուած պետութիւն է եւ այս դերէն հեռանալը, Իսրայէլը պատժելով, վստահաբար պիտի ունենայ իր ժխտական հետեւանքները:
ԱՍԻԱ
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անցեալ շաբաթ Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հնդկաստան կը համարուի աշխարհի ամենամեծ դեմոկրատական պետութիւնը: Ընտրութեան բերումով վարչապետ Նարենտրա Մոտիի իշխող «Պի.Ճէյ.Փի.» Bharatiya Janata Party կուսակցութիւնը թէեւ ապահովեց 240 անդամ՝ 543 անդամ ունեցող խորհրդարանին կամ «Lok Sabha»ի մէջ, սակայն առանձին չկրցաւ ապահովել 272 անդամ՝ մեծամասնութիւն ապահովելու համար: Ստիպուած ան պիտի միանայ ուրիշ կուսակցութեան մը միասին կազմելու համար National Democratic Alliance-ը (NDA), որու անդամներուն թիւը կը հասնի 292 անդամի: Ուրեմն, վարչապետ Մոտի առանձին պիտի չկարենայ կազմել կառավարութիւն, այլ պիտի կազմէ միացեալ կառավարութիւն մը:
ԵՒՐՈՊԱ
ՏՈԿՈՍԻ ՆՈՒԱԶՈՒՄ
Եւրոպական Կեդրոնական դրամատունը 2019 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նուազեցուց պարտքի տոկոսը: Թէեւ սղաճը տակաւին չէ հասած պահանջուած 2 առ հարիւր համեմատութեան, սակայն տոկոսի նուազումը անխուսափելի է՝ տնտեսութեան մէջ աճ ունենալու համար: Եւրոյով պարտքի տոկոսը նուազեցաւ 3,75 առ հարիւրի՝ նախկին 4 առ հարիւրին փոխարէն: Կը սպասուի որ սղաճը մնայ 2,5 առ հարիւրի սահմանին մէջ:
Եւրոպայի երկիրները, որոնք Ռուսիայէն չեն գներ վառելանիւթ պատժամիջոցներու պատճառով, ստիպուած 630 միլիառ ԱՄՆ տոլար աւելի կը վճարեն փոխարինելու համար Ռուսիայէն գնուելիք բնական կազը: Սուղ վառելանիւթը ժխտական ազդեցութիւն կ’ունենայ ճարտարարուեստի այն ճիւղերուն վրայ, որոնք կախեալ են բնական կազի օգտագործումէն: Պողպատ, պարարտացուցիչներ, քիմիական նիւթեր, սերամիք, ապակի այդ արտադրութիւններն են: Գերմանիոյ ընկերութիւններուն 32 առ հարիւրը կը մտածէ իր արտադրութիւնը փոխադրել աւելի աժան վառելանիւթ ունեցող երկիրներ:
ԱՄՆ
ՎՃԱՐՈՒՄԻ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ տարի ԱՄՆ-ի մեծ ընկերութիւններու առաջին կարգի տնօրէններու աշխատավարձերը շարունակեցին աւելնալ: Ներկայիս ամենաբարձր մակարդակի տնօրէններու աշխատավարձերը կը հասնին իրենց գործընկերներու 200 անգամին: Այդ ընկերութիւններուն մէջ տնօրէն մը 200 անգամ աւելի աշխատավարձ կը գանձէ իր աւելի ցած պաշտօն ունեցող գործընկերներէն:
Ըստ հարցախոյզի մը, ԱՄՆ-ի բնակչութեան 51 առ հարիւրը կը համարէ, թէ երկրին տնտեսական վիճակը դրական չէ: Աւելցող անհաւասարութիւն, սղաճ, բնակարան վարձելու դժուարութիւն այն գործօններն են, որոնք բնակչութիւնը կը մղեն անյուսութեան: Սղաճը ամենավտանգաւոր գործօնն է, որովհետեւ մարդոց աշխատավարձը անբաւարար կը դարձնէ առօրեայ ծախքը կատարելու համար:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՍԱՆ ՓԵԹԵՐՊՈՒՐԿԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Շաբթուան ընթացքին՝ 5-8 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Ռուսական Դաշնութեան Սան Փեթերպուրկ քաղաքի տարեկան տնտեսական համաժողովը: Այս համաժողովի ընթացքին, ռուս մասնագէտներ եւ պետական այրեր փորձեցին փոխել այն պատկերը, որ Արեւմուտքի լրատուամիջոցներ կ’ուզեն ներկայացնել Ռուսիոյ մասին: Համաժողովին մասնակցեցան 136 երկիրներու հազարաւոր մասնակցողներ:
Նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ամփոփեց Ռուսիոյ տնտեսական քաղաքականութիւնը՝ յայտնելով, թէ անոր նպատակն է արձանագրել աճ աշխարհի միջին աճէն աւելի, փոխել համաշխարհային տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան պայմանները: Ռուսիա կ’առաջարկէ տնտեսական համագործակցութիւն հաստատել հիմնուած օրէնքի եւ երկկողմանի շահի վրայ: Համաժողովի այս տարուան պատուակալ հիւրերն են Պոլիվիոյ նախագահ Լուիս Արսէ, Զիմպապուէի նախագահ Էմերսըն Մնանկակուա եւ Սերպիոյ նախագահ Միլորատ Տոտիք: Այս տարուան նշանաբանն է «Հիմերը բազմաբեւեռ աշխարհի – Հաստատում Աճի Նոր Հատուածներու»:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՔԻՉԵՐՈՒ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀ (Oligopoly) – Բ. ՄԱՍ
Քիչերու մենաշնորհը շուկային մէջ երկու կամ երեք ընկերութիւններու մենաշնորհն է կարգ մը ապրանքներու կամ նիւթերու վաճառքին մէջ: Այս ընկերութիւնները կրնան հակակշիռ ունենալ շուկային մէջ ու իրենք որոշեն գինը այդ ապրանքներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Լիբանանի մէջ կարգ մը ապրանքներու բարձր գինը կրնանք վերագրել այս իրականութեան: Իրական դրամատիրական համակարգին մէջ այս գործունէութիւնը պէտք է արգիլուի, որովհետեւ ապրանքներուն գինը այս մենաշնորհ ունեցող ընկերութիւնները կ՛որոշեն մրցակցութեան բացակայութեան պատճառով: Հայաստանի անկախացումէն ի վեր 1991 թուականին, երկրին մէջ չհաստատուեցաւ իսկական դրամատիրական համակարգ մը, ուր տնտեսական աճը կը զգացուի քաղաքացիին կողմէ: Ճիշդ է որ որոշ յաւելում արձանագրուեցաւ աշխատավարձին մէջ, սակայն այդ յաւելումը շոգիացաւ բարձր սղաճին պատճառով: Այսինքն պաշտօնեան իր առած յաւելումը ծախսեց գինի յաւելումին պատճառով: Ուրիշ հարց մըն ալ կայ Հայաստանի մէջ որ վտանգաւոր է: Երկրի հանքերու շահագործումին միայն 12 առ հարիւրէն կ’օգտուի պետութիւնը: Մնացեալ եկամուտը կ’երթայ այդ սակաւապետական համակարգին գրպանը եւ օտար պետութիւններու: Այս է ծանր իրականութիւնը եւ իսկական պատճառը որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարիներու ընթացքին չկրցաւ ծախսել մարդկային պաշարի զարգացումին ու բանակի զարգացումին վրայ:
Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ», «eurasianet.org» եւ «Ալ Տիյար»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ